Երկար տարիներ Լիբանանի մէջ ծառայած Հայր Արիստակէս վրդ. Մանուկեան օրերս այցելութիւն տուած է Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Մխիթարեան Միաբանութեան նուիրեալ վարդապետներէն համարուող Հայր Արիստակէսը շրջած է նորաբաց վարժարանի տարբեր բաժանմունքներուն մէջ ու շփուած եւ զրուցած վերջերս իր դռները բացած վարժարանի աշակերտներուն հետ։
Յիշեցնենք, որ վարդապետը ընդունուած է վարժարանի տնօրէնուհի տիկն. Ռիթա Պոյաճեան, ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմին կողմէ։
Հայր Արիստակէս, որ վերջին շրջանին մեկնած էր Վենետիկ, վերջին օրերուն դարձեալ վերադարձած է Պէյրութ, շարունակելու համար իր կրօնական նուիրական գործունէութիւնը։
Նուիրեալ այս վարդապետին կ՚ըսենք ՝ Աստուած Օգնական Հայր Սուրբ։