image

Նուիրեալ վարդապետը այցելած է Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարան

Նուիրեալ   վարդապետը    այցելած է Ռաուտայի Մխիթարեան   վարժարան

 Երկար  տարիներ Լիբանանի  մէջ       ծառայած    Հայր  Արիստակէս  վրդ. Մանուկեան օրերս  այցելութիւն տուած է  Ռաուտայի  Մխիթարեան  վարժարան։

Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի  իր աղբիւրէն։Մեր աղբիւրը նաեւ    հաղորդեց, որ  Մխիթարեան  Միաբանութեան նուիրեալ վարդապետներէն  համարուող Հայր  Արիստակէսը  շրջած  է   նորաբաց   վարժարանի  տարբեր բաժանմունքներուն մէջ  ու   շփուած   եւ  զրուցած      վերջերս  իր դռները բացած  վարժարանի  աշակերտներուն հետ։

Յիշեցնենք,  որ    վարդապետը   ընդունուած է     վարժարանի  տնօրէնուհի տիկն. Ռիթա Պոյաճեան, ինչպէս  նաեւ ուսուցչական կազմին կողմէ։

Հայր  Արիստակէս, որ  վերջին   շրջանին   մեկնած էր  Վենետիկ,  վերջին     օրերուն դարձեալ  վերադարձած է  Պէյրութ, շարունակելու համար   իր կրօնական    նուիրական   գործունէութիւնը։

Նուիրեալ   այս  վարդապետին  կ՚ըսենք ՝ Աստուած Օգնական  Հայր  Սուրբ։