image

Դեսպան Տիգրան Գէորգեանը հաւատարմագրերու պատճէնը յանձնեց Սուրիոյ ԱԳ նախարարին

Դեսպան Տիգրան Գէորգեանը հաւատարմագրերու պատճէնը յանձնեց Սուրիոյ ԱԳ նախարարին

3 Դեկտեմբերին Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Գէորգեանը հաւատարմագրերու պատճէնը յանձնած է Սուրիոյ փոխվարչապետ, արտաքին գործոց եւ սփիւռքի նախարար Ուալիտ Մուալլէմին:

Ողջունելով Հայաստանի նորանշանակ դեսպանը՝ Ուալիտ Մուալլէմը շնորհաւորած է անոր բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ եւ յաջողութիւն մաղթած իր առաքելութեան մէջ: Փոխվարչապետը աւելցուցած է, որ Սուրիան մեծապէս շահագրգռուած է բարեկամ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու խորացմամբ եւ զարգացմամբ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով բարեմաղթանքի ջերմ խօսքերուն համար՝ դեսպան Գէորգեանը վստահեցուցած է, որ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանի պաշտօնին պիտի ներդնէ իր ողջ եռանդը երկկողմ յարաբերութիւնները առաւել ամրապնդելու եւ բազմաոլորտ համագործակցութիւնն ընդլայնելու համար:

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ երկկողմ օրակարգի շարք մը հարցեր: