image

Ահաբեկիչները հարուածած են Հալէպի ծայրամասերը

Ահաբեկիչները հարուածած են Հալէպի ծայրամասերը

Սուրիոյ պատերազմին մասնակցող ահաբեկիչ զինեալներ, երէկ ամբողջ օրը հրթիռարձակումներ կատարած են Հալէպի ծայրամասային գաւառակներուն ուղղութեամբ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը յայտնէ «Russia Today» լրատուական կայքը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Հալէպի ծայրամասերուն վրայ ինկած հրթիռներու աղբիւրը Իտլիպ նահանգն է, որ կը համարուի ահաբեկիչներու գլխաւոր կեդրոն:

Յայտնենք նաեւ, որ հրթիռարձակումներ կատարուած են նոյնպէս Լաթաքիոյ գիւղական հատուածներուն ուղղութեամբ, ուր օրեր առաջ Սուրիոյ բանակի 18 զինուորներ սպաննուած էին: