image

Ինչ կը կատարուի Պէյրութի մէջ. Հազարաւոր ինքնաշարժներ «անդամալուծուած» են (Լուսանկար)

Ինչ կը կատարուի Պէյրութի մէջ. Հազարաւոր ինքնաշարժներ «անդամալուծուած» են (Լուսանկար)

Այս առաւօտուն Պէյրութի գլխաւոր մայրուղիները յայտնուած են անդամալուծուած  վիճակի մը մէջ։  Այս  մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ Ժումհուրիյա» պարբերականի կայքը։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ մայրաքաղաքի երկու՝ արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածները իրարու կապող գլխաւոր մայրուղին խճողումին հետեւանքով վերածուած է ինքնաշարժներու «բաց գերեզման»ի։

Աւելի ուշ պարզուած է, որ խցանումը արդիւնք է լիբանանեան բանակին կողմէ ընթացք առած զինուորական տողանցքի յատուկ պատրաստութիւններու։