image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ մարդասիրական ջոկատ առաքելու Հայաստանի քայլը պատուաբեր է բոլորիս համար.Վրէժ Իշխանեան

Հալէպ մարդասիրական  ջոկատ   առաքելու  Հայաստանի  քայլը պատուաբեր է բոլորիս  համար.Վրէժ Իշխանեան

Սուրիահայ հասարակական գործիչ Վրէժ Իշխանեան կը պատասխանէ «Արեւելք»ի հարցումին:

Եօթ տարիներէ ի վեր պատերազմի մէջ եղող Սուրիոյ մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով բժիշկներէ եւ մասնագէտներէ բաղկացող հայկական բանակի ջոկատ մը Հալէպ պիտի հասնի։ Ի՞նչ  է ձեր կարծիքը այս հարցի վերաբերեալ, ըլլալիքը դրակա՞ն քայլ է, թէ՞ վատ անդրադարձ կրնայ ունենալ:


Ես կողմ եմ այդ գաղափարին եւ կը քաջալերեմ այդ քայլը: Ես ոչ միայն Հայաստանի կառավարութեան կողմէ կ'ուզէի տեսնել այդ նախաձեռնութիւնը, այլ նաեւ կը փափաքէի, որ նոյնիսկ ՄԱԿ-ը նման նախաձեռնութիւն մը կատարէր, քանի որ մենք Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան ենթարկուեցանք  ։

Ահաբեկչութիւնը, որուն մենք որպէս սուրիացի ժողովուրդ ենթարկուեցանք,  չտարբերակեց արաբի, սիւննի, ալէւիի,  քիւրտի կամ հայու միջեւ, ան բոլորիս դէմ ուղղուած էր։

Մենք, որպէս սուրաիահայեր մեծ վնասներու  ենթարկուեցանք, յատկապէս Հալէպ քաղաքին մէջ, քանի որ այնտեղ կռուող զինեալներուն ցուցմունքներ եւ հրահանգներ տուող ղեկավարութիւնը, ուղղակի կապի մէջ էր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն  հետ, եւ անոնց նպատակն էր՝ Հալէպ քաղաքը, դատարկել հայութենէ, քանի որ հայերն են միակ վկաները այս շրջանին մէջ անոնց գործած ոճիրներուն՝ 1915-ին:

Անշուշտ Թուրքիան վախ ունի որ երկիրներ 1915-ի դէպքերը ճանչնան որպէս ցեղասպանութիւն:

Ցաւ ի սիրտ Սուրիոյ կառավարութիւնը մինչ օրս պաշտօնապէս չէ ընդունած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կամ 24 Ապրիլը՝ որպէս հայ ժողովուրդի ազգային օր կամ հայ նահատակներու օր: Շարք մը այլ երկիրներ, որոնց շարքին նաեւ Լիբանանը ճանչցած են ցեղասպանութիւնը, հետեւաբար մենք որպէս սուրիահայեր կը ձգտինք որ 24 Ապրիլը, որպէս  հայոց ցեղասպանութեան օր ճանչցուի։

Կը մաղթեմ, որ խորհրդարանի հայ անդամները այս միտքը փոխանցեն եւ յաջողցնեն զայն  օրէնքի   վերածել::

Բոլոր այս պատճառներուն բերումով, ես կողմ եմ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ջոկատ ուղարկէ Սուրիա, երկրի  բանակին մարդասիրական օգնութիւն մատուցելու համար:

Անշուշտ այս մէկը մեզի համար, որպէս Սուրիա գտնուող հայեր շատ  կարեւոր է եւ կ՚ամրացնէ մեր դիրքերը։ Չմոռնանք, որ տագնապի առաջին օրէն եւ մինչեւ օրս  սուրիահայութիւնը միշտ ալ եղած է Սուրիոյ իշխանութիւններուն, երկրի նախագահ Պաշշար Ասատին եւ Սուրիոյ քաջ բանակին կողքին։