image

Մենք, պոլսահայերս միասնակամ չենք . Երիտասարդ պատմաբան

Մենք, պոլսահայերս  միասնակամ  չենք . Երիտասարդ  պատմաբան

«Արեւելք»ի   հարցերուն կը պատասխանէ պոլսահայ  երիտասարդ   պատմաբան   Կոմիտաս Օտապաշօղլուն

-Ի՞նչ  են  այսօր Թուրքիոյ հայութեան գլխաւոր  խնդիրները:


Թուրքիոյ հայութեան հիմնական խնդիրը  միասնականութեան  պակասն է։ Մենք  այլոց,  յատկապէս հրեաներուն նման չենք, մէկը միւսին չօգներ: Պատճառը անձնական է, ամէն  ոք իր  անձին մասին  կը խորհի...  


-Այս հարցը որ կայ նո՞ր հարց մը է, նո՞ր այդպէս եղած է:


Իմ կարծիքով, նոր խնդիր մըն է, ջարդի ժամանակէն սկսած է, երբ հայութիւնը տարբեր երկիրներ տարածուեցաւ, բաժան-բաժան եղաւ, նոյնիսկ ազգականներու միջեւ շղթան կոտրուեցաւ, կապը ուժեղ չէ։


-Ձեր կարծիքով այս պատկերին    գլխաւոր պատասխանատուն  մե՞նք ենք, թէ՞ ուրիշները:


Այն ինչ մենք մեզի կ'ընենք, ուրիշը    այդքանը չի կրնար  ընել։ Դարձեալ հրեաներու օրինակը բերեմ, հիմա ինչպէս կ'ըսեն Հոլոքոսթի   ատեն 6 միլիոն հրեայ սպաննուեցաւ, բայց անոնք դարձեալ ուժեղացան, երկիր չունէին, բայց ստեղծեցին, աշխատեցան, մէկը միւսին օգնեց, հիմա արդէն լաւ վիճակի մէջ են:


- Հայերուս  ի՞նչ կը պակսի, որ զիրար սիրենք, յարգենք:


Հայերուն մէջ եղած վախը կը խանգարէ, մենք ամէն ինչէ կը վախնանք, տաճիկներուն նման չենք, անոնք ինչ տեսնեն, կը նետուին, մենք միայն կը դիտենք: Օրինակ, երբ օտար երկիր մը մէջ այլազգ մը  հանդիպի, իրար  հետ այնքան  սերտ   կը կապուին, որ  կարծես 20 տարի է իրար եղբայրներ են, իսկ մենք կը վախնանք իրար հետ խօսելու... Հիմա կը տեսնեմ Պոլսոյ մէջ հայաստանցիներ, հազիւ մէկ երկու բառ կը փոխանակենք, «հա՞յ էք»-,կը հարցնեմ, կը փախչին: Կարծես  մենք իրարմէ կը  վախնանք։


-Ինչէ՞ն կու գայ այդ վախը:


Իմ կարծիքով, չարչարուած ըլլալէն, միշտ կը վախնանք, կը կարծենք, որ նորէն պիտի չարչարուինք, կը կարծենք, որ, ինչպէս կ'ըսեն, պատմութիւնը  դարձեալ ինքզինք պիտի կրկնէ:


-Դուն Պոլիս ծնած, մեծցած ես, կը սիրե՞ս այդ քաղաքը, եւ ինչո՞ւ:


Ես Պոլիսը չեմ սիրեր: Ուրիշներ կը սիրեն, միշտ կու գան, բայց հոն եղած խնդիրները չեն տեսներ, Պոլսոյ մէջ օրինակ երթեւեկութիւնը խնդիր է, տեղ մը երթալը խնդիր է: Ես Պաքըրգիւղ կ'ապրիմ, ամէն տեղ աղբ է, ժողովուրդը պատուհանէն աղբ կը թափէ, անոր համար չեմ սիրեր:


-Դուն ի՞նչ տեսակ թաղամասի մէջ ծնած ես, ի՞նչ կը յիշես մանկութենէդ, ինչպէ՞ս էր յարաբերութիւնդ թուրքին հետ, ալեւիին հետ, քիւրտին հետ, ի՞նչ շփում ունեցած ես:


Ճիշդը ըսեմ, թուրքերուն հետ յարաբերութիւնները շատ լաւ են, հարցեր չկան, ես անձամբ մեր թաղէն շատ թուրք ընկերներ ունիմ, կ'օգնենք իրար եւ այլն, բայց տարբեր շրջաններ ուրիշ է, օրինակ եթէ ուրիշ թաղ մը երթամ, ինծի կրնան ծեծել, իմ թաղիս մէջ լաւ ենք, ուրիշ թաղի մէջ կրնայ հարցեր պատահիլ, կը տեսնեն հայ ես, կը մօտենան, հայութեան մասին վատ խօսքեր կ'ըսեն, պիտի փորձես խուսափիլ վէճի մէջ մտնելէ...


-Իսկ հայութեան վիճակը ի՞նչ է այսօր Պոլսոյ մէջ, կը լսենք, որ տնտեսութիւնը ծանր վիճակի մէջ է:


Հիմա Քափալը Շարչըն (փակ շուկան), որ հայ վարպետներուն կեդրոնն էր, արդէն հայերէ դատարկուած է, հազիւ մէկ-երկու հայ մնաց այնտեղ, բոլորը գոցեցին, գացին: Հայութեան կեդրոնը Պոլսոյ մէջ հիմա Քուրթուլուշն է, հոն շատ հայեր կան, որոնց կողքին նաեւ քիւրտեր եւ ալեւիներ:


-Իսկ Թուրքիոյ ապագան ի՞նչ է հայութեան համար:


Հայաստան անունով երկիր մը գոյութիւն չունի Թուրքիոյ համար: Թուրքիոյ  մէջ կան   մարդիկ, որոնց համար  անընդունելի են հայերը։   Խնդիր չունին, որ հայերը      ապրին Պոլսոյ   կարգ մը թաղամասերուն  մէջ,   սակայն      ատկէ  աւելի  չտարածուին...