image
Հրատապ լուրեր:

Քիւրտիստանի խորհրդարանին մէջ ունինք նոր հայ պատգամաւոր՝ Վահիկ Քամալ Սարանեան

Քիւրտիստանի խորհրդարանին մէջ ունինք նոր հայ պատգամաւոր՝ Վահիկ Քամալ Սարանեան

Վերջերս Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ: Հայերը, որպէս ազգային փոքրամասնութիւն, իրաւունք ունին խորհրդարանին մէջ ունենալ մէկ պատգամաւոր: Ընտրութիւններուն մասնակցած է 6 հայ թեկնածու` Վահիկ Քամալ Սարանեանը, Էտկար Յակոբը, Մուրատ Մարտիրոս Վարդանը, Արամ Պուզուն, Նուպար Սիփանը, Երուանդ Ամինեանը:

Քուէարկութեան արդիւնքներով Վահիկ Քամալ Սարանեան ընտրուած է Քիւրտիստանի խորհրդարանի պատգամաւոր:

Վահիկ Քամալ Սարանեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին յայտնեց, որ նոր  մուտք գործած է քաղաքական ասպարէզ եւ իր աշխատանքներու ընթացքին պիտի գործակցի  Քիւրտիստանի Զախօ, Տըհոք, Աւզրուկ եւ Էրպիլ քաղաքներու հայկական եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներուն հետ:

Պատգամաւորը նաեւ նշեց, որ առայժմ կ´աշխատի Զախոյի կրթական գերատեսչութեան մէջ, ուր դեռ աշխատանքային որոշ պարտականութիւններ ունի: 3-6 ամսուան ընթացքին կ’աւարտի այդ աշխատանքը, որմէ ետք միայն հնարաւոր պիտի ըլլայ հետեւիլ Քիւրտիստանի հայերուն վերաբերող ծրագիրներուն:

Վահիկ Քամալ Սարանեան ծնած է 1971 թուականին Իրաքի Զախօ քաղաքին մէջ: Նախնական եւ միջնակարգ ուսումը ստացած է Զախոյի մէջ: 1994 թուականին աւարտած է Պաղտատի համալսարանի Կրթութեան բաժանմունքը:

2004 թուականին նշանակուած է Զախոյի միջնակարգ դպրոցի ուսուցիչ, 2005 թուականին ստանձնած է Զախոյի կրթական գերատեսչութեան հաշուապահի, այնուհետեւ նոյն կառոյցի տնօրէնի պաշտօնը:

Ամուսնացած է, ունի 4 զաւակ:

 

Լուրը ՝ «Հայերն այսօր»էն