image

Կրակոց Քալիֆորնիոյ մէջ.Կան զոհեր

Կրակոց Քալիֆորնիոյ մէջ.Կան զոհեր

Քալիֆորնիական Թաուզընտ-Օքս քաղաքի ոստիկանութիւնը տեղեկութիւն ստացած է այն մասին, որ անյայտ անձը կրակ բացած է Borderline Bar & Grill գարեջրատան մէջ գտնուող մարդոց ուղղութեամբ: Այս մասին կը գրէ Los Angeles Times-ը:

Կան զոհեր ու վիրաւորներ, որոնց թիւը չէ յստակեցուած: Արձակուած է առնուազն 30 կրակոց:

Յարձակողը դեռ ձերբակալուած չէ: Ոստիկանութիւնը կոչ ըրած է մարդոց խուսափիլ այդ տարածքին մօտենալէ: