image
Հրատապ լուրեր:

Բարեգործականը կալուած մը ծախու հանած է Թորոնթոյի մէջ (Լուսանկար)

Բարեգործականը կալուած մը ծախու հանած է Թորոնթոյի մէջ  (Լուսանկար)

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) կարեւոր համարուած հողաշերտ մը ծախու հանած է Թորոնթոյի մէջ։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Գանատայէն։

Մեր աղբիւրը նաեւ յաւելեց, որ կալուածի վաճառումը օրինականացնելու համար յառաջիկայ կիրակի օր տեղի պիտի ունենայ կարեւոր ժողով մը, ուր քննարկութեան պիտի դրուի հողաշերտին վաճառքի հարցն ու վաճառքին հետ կապուած շարք մը կարեւոր խնդիրներ։

Յիշեցնենք, որ վաճառքի հանուած հողատարածքը կը գտնուի Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն (Էջմիածնական) եկեղեցւոյ կից։


Toronto Centre