image

Ֆրանսահայ երիտասարդութեան վիճակը իրապէս ողբալի է. Յակոբ Պարոյր Կոճիկեան

Ֆրանսահայ երիտասարդութեան վիճակը իրապէս ողբալի է. Յակոբ Պարոյր Կոճիկեան

-Պրն. Կոճիկեան, Դուք վերջին տարիներուն տարբեր հանգամանքներու բերումով հեռացաք Լիբանանէն եւ հաստատուեցաք ֆրանսա, հակառակ անոր, որ Լիբանանի մէջ բաւական աշխոյժ էիք որպէս հասարակական գործիչ, ինչպէս նաեւ Ձեր գրական առաջին փորձերը կատարեցիք Պէյրութի մէջ: Ի՞նչ պատճառներով հեռացաք Լիբանանէն:


Ես ծնած են Սուրիա, Հալէպ, բայց մեծցած եմ Լիբանան: Կեանքիս ամենալաւ օրերը ապրած եմ Լիբանանի մէջ, բայց պատճառներ կան, որ ինձ մղեցին, որպէսզի հեռանամ Լիբանանէն: Առաջին հիմնական պատճառը այն էր, թէ որքան երկար տարիներ ապրիս Լիբանանի մէջ, դուն ի վերջոյ կ'ընկալուիս որպէս սուրիացի եւ նոյնիսկ լիբանանահայ գաղութը նոյնպէս ունի այդ մօտեցումը, կը հաւատայ, թէ ինքը աւելի զարգացած է սուրիահայերէն, աւելի գիտակից են, աւելի հիասքանչ եւ շատ անգամ կը ստորադասեն սուրիահայերը: Անշուշտ խօսքս բոլոր լիբանանահայ գաղութին չի վերաբերիր, բայց կը վերաբերի մեծամասնութեան: Եւ որպէս սուրիացի, ինչքան ալ Լիբանանի մէջ ապրիս, միշտ սահմանափակուած պիտի ըլլան քու կարողութիւններդ: Իսկ երկրորդ հիմնական պատճառը այն էր, որ կ'ուզէի ապրելաձեւս փոխել, Լիբանանի մէջ ունէի իմ անձնական գործս, ունէի բաւական լաւ եկամուտ մը, բայց յոգներ էի կեանքէն, մխրճուած էի մեղքերու մէջ եւ սկսած էի հեռանալ այն Քրիստոսէն, որ ինծի համար խաչուեցաւ եւ Աստուծոյ ետ մօտենալու համար պէտք էր հեռանայի մեղքերուս բոյն եղած Լիբանանէն:

 

-Ի՞նչ կ'ըսէք Ֆրանսա Ձեր կեցութեան մասին, ինչպիսի՞ն են պայմանները, գո՞հ էք Ֆրանսայի մէջ Ձեր կեանքի պայմաններէն:


Յաճախ ժխտական մօտեցումներ կը լսենք Եւրոպայի կամ Ֆրանսայի մասին, ըսելով թէ Ֆրանսայի կամ ընդհանրապէս Եւրոպայի բարոյական չափանիշները  տարբեր են  Միջին Արեւելքէն, բայց ըսեմ, թէ այդ դրամապաշտութիւնը եւ կեղծաւորութիւնը, որ ես տեսած եմ Լիբանանի մէջ, Լիբանանի շատ մը մարդոց մօտ, այդ մէկը ընդհանրապէս գոյութիւն չունի  Ֆրանսայի մէջ: Ինչպէս նաեւ կ'ուզեմ աւելցնել, թէ Ֆրանսայի մէջ յարգուած են ոչ թէ միայն Ֆրանսայի քաղաքացիները, այլ ամէն շնչաւոր էակ, որ կը գտնուին Ֆրանսայի սահմաններէն ներս:

Ինծի համար դժուար էր ֆրանսերէն սորվիլը, երբ Ֆրանսա հասայ, ոչ մէկ բառ կը հասկնայի, ոչ ալ կը խօսէի, բայց ըսեմ, որ  շատ  արագ կերպով  ֆրանսերէն  սորվեցայ եւ  լեզուին տիրապետեցի։


-Ինչպէս գիտենք՝ Դուք հեղինակ էք երկու վիպակներու, որ հրատարակուած են Պէյրութի մէջ եւ շնորհիւ ձեր բարեկամներուն եւ հասարակութեան արժանացած որոշ ուշադրութեան մը, կը շարունակէք Ձեր գրական գործունէութիւնը նաեւ Ֆրանսայի մէջ:

 

2011-ին հրատարակեցի իմ առաջին գիրքս՝ «Լուռ պատուհանը», որ մեծ յաջողութիւն գտաւ, ինչպէս նաեւ պարգեւատրուեցայ Լիբանանի Հայկազեան համալսարանին կողմէ, իսկ երկրորդ գիրքս հրատարկուեցաւ 2013-ին, որուն վերնագիրն էր «Հանգոյց»: Այո, Ֆրանսայի մէջ եւս կը շարունակեմ գրական գործունէութիւնս, վերջերս առաջարկ ստացած եմ Ֆրանսայի եռամսեայ «Բանբեր» թերթէն, որպէսզի մաս կազմեմ խմբագրական կազմին, ինչպէս նաեւ կը պատրաստեմ իմ երրորդ գիրքս,  յոյսով եմ, որ մինչեւ 2019-ի ձմրան սկիզբը լոյս կը տեսնէ տարբեր լեզուներով:


-Ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւէ ֆրանսայի երիտասարդութիւնը:


Ֆրանսայի  երիտասարդութիւնը  կը բաժնուի  երկու մասերու։ Անոնք  են՝ աշխատասէրները եւ ծոյլերը: Ծոյլերը կ'ըսեն՝ ի՞նչ պէտք ունինք աշխատելու, երբ առանց աշխատելու կրնանք նոյնքան գումար  վաստակիլ  տարբեր օգնութիւններու միջոցաւ, իսկ աշխատասէր մասը կ'ըսէ թէ՝  մինչեւ ե՞րբ մենք պիտի աշխատինք եւ մեր աշխատավարձքէն պիտի տանք ծոյլերուն եւ այսպիսով դժբախտաբար ծոյլ եւ դատարկապորտ մարդոց թիւը կը շատնայ:

Ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ թմրեցուցիչի վաճառականները շատ հրապուրիչ ձեւերով կը փորձեն «հասնիլ» երիտասարդներուն: Ֆրանսայի կարգ մը քաղաքներուն մէջ արդէն սկսած են երիտասարդներ իրար թմրանիւթ հիւրասիրել կամ հրաւիրել այնպէս, կարծես թէ իրար կը հրաւիրեն գաւաթ մը սուրճ խմելու:


-Ի՞նչ կրնաք ըսել Ֆրանսայի հայ երիտասարդութեան մասին, արդեօք որեւէ ձեւի շփում ունի՞ք անոնց հետ: Ինչպէ՞ս կը բնորոշէք անոնց վիճակը, ի՞նչ կրցած էք տեսնել կամ հասկնալ:


Ֆրանսահայ երիտասարդութեան վիճակը ողբալի է, հայեր, որ հայերէն չեն խօսիր, հայեր՝ չեն հասկնար հայերէն եւ երբեք իրենց համար առաջնահերթութիւն չէ հայ ըլլալը, նոյնիսկ կան հայ երիտասարդներ, որ հայոց պատմութեան մասին որեւէ մէկ տեղեկութիւն չունին: Օտարամոլութիւնը ֆրանսահայ երիտասարդներուն ոսկորները փճացուցած է, բայց նաեւ կան տարբեր տեսակի կուսակցական կամ բարեսիրական հայկական խումբեր, որոնք կը փորձեն պայքարիլ օտարամոլութեան դէմ, կը փորձեն հայկական շունչ եւ ոգի սերմանել հայ երիտասարդներուն մէջ. խումբ մը եկեղեցիներ սկսած են նաեւ շաբաթական դրութեամբ հայկական լեզուի դասեր տալ:

Կայ հսկայական ալիք մը օտարամոլութեան, որ շատ մը երիտասարդներու օտարացուցած է, բայց կը պայքարինք մնացածին համար եւ կը փորձենք պահպանել անոնք, որոնք որ հետաքրքրուած են հայութեամբ, որոնց՝ հոգիները տակաւին չեն յանձնուած օտարամոլութեան: