image

«Խիստ դատապարտելի է անցեալի աշակերտական խոստումին վերադառնալը». Թուրքագէտ Վահրամ Տէր Մատթէոսեան

«Խիստ դատապարտելի է անցեալի աշակերտական խոստումին վերադառնալը». Թուրքագէտ Վահրամ Տէր  Մատթէոսեան

Հարցազրոյց արեւելագէտ պատմագիտութեան դոկտոր, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի Քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու ամպիոնի վարիչ Վահրամ Տէր-Մատթէոսեանի հետ`Թուրքիոյ դպրոցներու մէջ աշակերտական երդման վերականգնման թեմայով: Յիշեցնենք, որ «Թուրք եմ, ազնիւ եմ, աշխատասէր եմ» աշակերտական երդումը, որ տասնեակ տարիներ պարտադրուած է Թուրքիոյ բոլոր դպրոցներուն ու չեղարկուած միայն 2013-ին, այն կը պարտադրուի նաեւ Պոլսոյ հայկական համայնքի բոլոր դպրոցներուն:

 

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Թուրքիոյ դպրոցներուն մէջ աշակերտական երդման վերականգնումը:

Այդ մէկը խիստ դատապարտելի քայլ է։ Երբ 2013-ի հոկտեմբերին, «Ժողովրդավարացման փաթեթ»ի շրջագիծէն ներս, ի թիւս այլ սահմանափակ բարեփոխումներու, դպրոցներուն մէջ արգիլուեցաւ «Աշակերտական երդումը» Թուրքիոյ մէջ շատերը ողջունեցին այդ քայլը: Աւելին, շարք մը իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ, ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն համար պայքարող հասարակական-քաղաքական շարժումներ,  եւրոպական կառոյցներ լիայոյս էին, որ յաջորդող քայլերը միտուած պիտի ըլլան աւելի արագցնելու Թուրքիոյ կրթական համակարգի ապաազգայնամոլացման եւ ապաքեմալականացման գործընթացները։ Մինչեւ Ձեր նշած որոշումը այդ փաթեթը եւ անոր մէջ տեղ գտած շարք մը զիջումները կը յիշատակուին վերջին տարիներուն միակ քիչ թէ շատ շօշափելի քայլը, որ կատարած էր Էրտողանի իշխանութիւնը։ Սակայն, Վարչական դատարանի որոշումը նոր ազդակ հաղորդեց քեմալական անցեալի ու էրտողանական ներկայի շուրջ քննարկումներուն։

 

-Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը քննադատած է երկրի դպրոցներուն մէջ աշակերտական երդման վերականգնումը՝ եւ սխալ համարած Թուրքիոյ Հանրապետութեան բարձրագոյն վարչական դատարանի որոշումը, ամէն պարագայի անոր այս քննադատութիւնը հետեւանքներ կրնայ թողե՞լ:

Եթէ նշուած որոշումը անդրքուլիսային պայմանաւորուածութիւններու հետեւանք չէ, ապա պէտք է սպասել  իշխանութեան երկու ճիւղերու՝ գործադիր եւ դատական, միջեւ լարուածութեան հերթական ալիքին։ Կը դժուարանամ հաւատալ, թէ իշխանութեան բոլոր ճիւղերու նկատմամբ նման վերահսկողութիւն ունեցող Էրտողանը ինչպէս կրնար նման բացթողում թոյլ տալ։ Թէեւ արդէն յայտնի է, որ Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը բողոքարկած է այդ որոշումը առաւել բարձր դատական ատեանին եւ  այդ որոշման վերականգնումը դեռ վերջնական չէ։

Իրականութեան մէջ, 80 տարի գործած այդ կրթական աւանդոյթի վերացումը Էրտողանը կը համարէր նաեւ քեմալական անցեալի ու անոր մերօրեայ պաշտպաններու նկատմամբ տարած գաղափարախօսական յաղթանակ։ Այդ երդումը չի տեղաւորուիր նաեւ անոր իսլամական-ազգայնականութեան ծիրին մէջ։ Աթաթուրքի յիշատակին ու պաշտամունքին ուղղուած այդ երդումը, որ 1933-ին ներկայացուած էր Կրթութեան նախարարի կողմէն՝ միտուած էր աշակերտական տարիներէն առանձնակի պաշտամունք ձեւաւորել Աթաթուրքի, հայրենիքի եւ թուրքակեդրոն ազգային մտածելակերպի նկատմամբ։ Իսկ վերջին տասնամեակի ընթացքին Էրտողանի պաշտամունքի կողքին Աթաթուրքը կորսնցուցած է իր երբեմնի փայլը։ Պահպանողական-իսլամական առնուազն երկու-երեք սերունդ, ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւնները ցանկութիւն չունին ամէն առաւօտ կրկին յիշատակել Աթաթուրքը։ Կախուած առաւել բարձր ատեաններու դիրքորոշումէն՝ հայցը կրնայ ներկայացուիլ նաեւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին։

 

-Սա նաեւ  պիտի պարտադրուի Պոլսոյ հայկական համայնքի բոլոր կրթօճախներուն, այս առումով խնդրի լուծում կը տեսնէք:

Այս երդման մէջ կան անընդունելի, քննական միտքը ճնշող, անձնականը ընդհանուրին ու պետութեան զոհաբերելու յորդորներ։ Այն միտուած է տրորելու դպրոցականի մէջ ծիլեր տուող անհատականութիւնը՝ փոխարէնը առաջ կը մղէ հանրայինը, պետականը։ Աթաթուրքին ուղղուած ինքնանուիրումէն ետք, առաւել զարհուրելի, անընդունելի է ֆաշիզմի լաւագոյն աւանդոյթներով ու ոգիով գրուած երդման վերջին նախադասութիւնը «Երջանիկ է ան, որ  թուրք  է»։ Թերեւս այս միտքը, որ Թուրքիոյ հանրային վայրերուն մէջ ամենայաճախ հանդիպող կարգախօսն է, առաւել վրդովեցուցիչ է ազգային փոքրամասնութիւններուն համար։ Լոզանի պայմանագրի 37-45 յօդուածները միտուած են երաշխաւորելու հայերու, յոյներու եւ հրեաներու իրաւունքները, մինչդեռ տասնամեակներ շարունակ այդ երդման պարտադրումը շարունակաբար ոտնահարած է այդ միջազգային պայմանագրի ոգին։ Փոքրամասնութիւններուն պատկանող 24 դպրոցները մշտապէս հետեւած են այդ պահանջին։ Դատարանի այս որոշման ուժի մէջ մնալը կրնայ հիմք հանդիսանալ Լոզանի պայմանագրի որոշ կէտեր կրկին հանրային քննարկման առարկայ դարձնելու եւ այդ երդման կիրառումէն հրաժարելու համար։ Ուշագրաւ է այն հանգամանքը, որ դատարանի որոշման մէջ նշուած է, որ 2013-ին, իշխանութիւնները բաւարար հիմնաւորումներ չեն ներկայացուցած, Աշակերտական երդումը վերացնելու համար։ Թուրքիոյ կրթական եւ գիտական ոլորտի աշխատակիցներու արհմիութիւնը, որ դատական հայցի նախաձեռնութեան հեղինակն է, կը պնդէ, որ երդման վերականգնումը նուէր է հայրենասէր դպրոցականներուն համար։ Հարց կ'առաջանայ, ո՞ր դպրոցականներուն համար եւ ի՞նչ հիմնական շարժառիթներ կան դպրոցականներուն նման «շռայլ» նուէր տալու...