image
Հրատապ լուրեր:

Երկար ժամանակէ ի վեր նման այցելութեան ականտես չէինք եղած. Հնչակեան գործիչ

Երկար   ժամանակէ  ի վեր  նման  այցելութեան ականտես   չէինք  եղած. Հնչակեան   գործիչ

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ  ՍԴՀԿ  Կեդրոնական  Վարչութեան  անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեանը

 

- Պրն. Քէօշկէրեան,   տարբեր մակարդակներու   վրայ  նկատեցինք,  որ   ՀՀ Վարչապետի  պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի  Լիբանան  կատարած  այցելութիւնը       պսակուած է   յաջողութեամբ։ Որո՞նք են այն հիմքերը, որոնց  շնորհիւ  կարելի է ըսել, որ այդ այցելութիւնը յաջողած է:


-Այո՛, այցելութիւնը յաջողած է: Այդ եզրակացութեան  կարելի է հասնիլ    հաշուի առնելով մի քանի հանգամանքներ։

Առաջինը՝ լիբանանեան քաղաքականութեան իմաստով, ֆրանքոֆոնիայի համաժողվէն ետք, Լիբանանը   հանդիսացաւ առաջին ֆրանքոֆոն երկիրը,    ուր այցելեց վարչապետ Փաշինեանը։ Ան  շատ բարձր մակարդակի ընդունելութիւն գտաւ, ըլլայ երկրի նախագահին,  ըլլայ խորհրդարանի նախագահին  եւ ըլլայ վարչապետին  կողմէ: Եթէ այս երեք հանդիպումներու  պատկերներուն ընթացքին եղած զրոյցներուն  եւ տեղի ունեցած պայմանաւորուածութիւններուն նայինք,  ապա կը տեսնենք, թէ ինչքան սիրալիր էր եւ ինչքան մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ կ'ընթանար ամէն ինչ եւ ամենակարեւորը՝ հեզասահ էր:

Տարբեր քաղաքական շրջանակներու մէջ դրուատիքով  խօսուած է  Նիկոլ Փաշինեանի   մասին ըսելով , որ պէտք է օրինակ վերցնել  անոր  մօտեցումներէն ու գործելաոճէն։ Այս կը նշանակէ, որ մեծ ընդունելութիւն գտած է Նիկոլ Փաշինեանի շարժումը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի հայ գաղութին, դուք գիտէք, որ անկախութենէն ետք հայրենի իշխանութիւններուն հանդէպ սփիւռքի վստահութիւնը մի քանի առիթներով խախտած է։   Ըլլայ այդ հոկտեմբեր 27-ի կամ  մարտի 1-ի ցաւալի դէպքերուն    պատճառով,    նոյնիսկ քառօրեայ պատերազմին    հետեւանքով  ու նաեւ Հայաստանի մէջ  ընդհանրական  երեւոյթ    դարձած փտածութեան  եւ կաշառակերութեան   պատճառաւ։  Փաշինեան  կրցաւ այդ վստահութիւնը վերականգնել հեռահար ձեւով՝ Հայաստանէն, իսկ   անոր Լիբանան այցը , առաւել եւս ամրապնդեց այդ վստահութիւնը:

Կայ    նաեւ       հասարակութեան     կողմէ   ընդհանուր  դրական        վերաբերմունք  մը,   որուն    մասին կուզեմ  այստեղ   օրինակ մը տալ։  Այսպէս երբ  անցեալ  կիրակի օր  պրն. Փաշինեան Արամ Ա Վեհափառ  հայրապետի    քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակին նուիրուած պատարագին   կը մասնակցէր եւ իր   խօսքը փոխանցելէն ետք վեհարանէն դուրս   կուգար , ժողովրդային  խումբ մը մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեց զինք վեհարանի բակին մէջ, մինչեւ իսկ բարձրաձայն կը վանկարկէին «Նիկոլ, վարչապետ» եւ այլն: Այս  մէկը  դրական  երեւոյթ  է, որուն ականատես չենք եղած երկար տարիներէ ի վեր։ Դեռ աւելին  ալ ըսեմ,  այս  պատկերին  ճիշդ հակառակը տեսած ենք, երբ փրոթոքոլները ստորագրուեցան եւ Սերժ Սարգսեանը Լիբանան այցելեց, մինչեւ իսկ  կերպընկալէ  շիշեր նետեցին անոր շքախումբին ուղղութեամբ: Այսօրուայ դրութեամբ երեւոյթը լիովին տարբեր է, փոխուած է, եւ այս շրջադարձը կարելի է համարել դրական եւ յաջող:

 

-Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն, ինչպիսի՞ կեցուածք ունի քու կարծիքովդ, ոչ միայն Հնչակեան կուսակցութիւնը, այլ առհասարակ՝ պէյրութահայութիւնը: Դուն բնականաբար կապի մէջ ես տարբեր շերտերու, տարբեր խաւերու հետ, ի՞նչ են ընդհանուր կարծիքները եւ նաեւ ակնկալիքները այս իշխանութիւններէն:


-Լիբանանահայութեան տարբեր շերտերու, տարբեր կուսակցական եւ ոչ կուսակցական շրջանակներու հետ իմ հանդիպումներուս ընթացքին յաճախ խանդավառութիւն մը նկատած եմ եղած շարժման հետ կապուած։  Ճիշդ է, որ տեղ-տեղ վերապահութիւններ կան,  որովհետեւ շարժումը որ տեղի ունեցաւ, որոշ սխալներ ալ թոյլ տուաւ եւ այդ սխալները եւս ինչ որ տեղ կու գան անփորձութեան   պատճառով։  Սակայն ընդհանուր առմամբ ըսեմ,   որ  հասարակութիւնը   մեծաւ մասամբ խանդավառ  է, ե՛ւ ժողովուրդը, ե՛ւ յատկապէս լիբանանահայութիւնը կը սպասէ, որ այս իշխանութիւնները կարողանան իրենց առջեւ դրուած հարցերը լուծել, յատկապէս՝ փտածութեան դէմ պայքարի հարցը, արտագաղթի հարցը եւ ժողովուրդի ընկերային կենսամակարդակի բարձրացման հարցը:

Ինչպէս նախորդ հարցին պատասխանելով ըսի, այստեղ դարձեալ փաստացի պատասխանով մը կ'ուզեմ նշել. այսօրուայ դրութեամբ ես յաճախ նոյնիսկ իմ մօտիկ շրջանակներուն մէջ կը լսեմ, որ  կան մարդիկ,  որ արդէն պատրաստ են իրենց գոյքը, ունեցուածքը ծախելու եւ Հայաստան, տեղափոխուելու  եւ հաստատուելու, որովհետեւ  կը հաւատան, որ Հայաստանը լաւ պիտի ըլլայ, Հայաստանը պիտի դառնայ ժողովրդավար երկիր եւ Հայաստանի մէջ պիտի չըլլան այդ յոռի երեւոյթները։

Այսօր  իրականութիւնը  այս է,  եւ լիբանանահայութիւնը խանդավառ է եւ կը սպասէ, որ այս գործընթացը բարօր եւ խաղաղ ձեւով աւարտի: