image

Ինչ ալ պատահի Հալէպը մեզմէ մաս մըն է. Հալէպ ծնած նկարիչ

Ինչ  ալ պատահի Հալէպը  մեզմէ մաս մըն է. Հալէպ ծնած  նկարիչ

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ  հալէպահայ  նկարիչ եւ ներկայիս Ֆրանսա  հաստատուած Տիպար  Ափարթեանը

 

-Ձեզի համար, որպէս արուեստագէտ, նաեւ Աւետարանական համայնքի անդամ, դժուա՞ր է արդեօք մէկտեղել քրիստոնէական մօտեցումը եւ ազատ արուեստը: Մենք  ինչքան նկատեցինք, ձեր կտաւները բաւականին  ազատ ոճ մը ունին, եւ  շատ ուրախալի է այդ մէկը, դժուա՞ր է այդ թեւերը իրար միացնելը:


Կը կարծեմ, որ  այդ մէկը  կախեալ  է  նկարիչի փորձառութենէն: Պատուելիի զաւակ եւ Միջին Արեւելքի մէջ  ծնած ըլլալով  հայկական կրթութիւն ստացած եմ։ Յաճախ    զգացած եմ, որ կան որոշ  սահմանափակումներ  եւ  ճնշումներ։ Անշուշտ խնդիրը  անահատական չէ, ու   յաճախ մեր ապրած  միջավայրը   կ՚ազդէ  իրողութիւններուն  եւ   իրավիճակին  վրայ։    Նաեւ ըսեմ, որ ես կարողացայ   այդ  ճնշումներէն  զերծ  մնալ,   որովհետեւ  աւելի ուշ    Եւրոպա    հաստատուեցայ ու  արդէն 25 տարիէ ի վեր  Փարիզ կ'ապրիմ։      Այդ  մէկը   այդ մէկը օգնեց իմ նկարչական ազատութեանս: Բայց այս մէկը միանշանակ որպէս փաստ ընդունիլ կարելի չէ, որովհետեւ մեր Միջին արեւելեան երկիրներուն մէջ կը նկատենք որոշ արուեստագէտներ, որոնց գործերուն մէջ  արուեստի ազատութիւնը  առկայ է։ Եւ   այդ  ազատութիւնը  կախեալ   է  արուեստագէտէն, թէ որքանո՞վ  ան կը  կը   կարողանայ  հեռու մնալ շրջապատի  ազդեցութենէն ու    կարծիքներէն   ու  հիմնուիլ իր տեսիլքին վրայ։   Իմ կարծիքովս, նկարիչ մը պէտք է ազատ ըլլայ, եթէ ազատ չըլլայ, չի կրնար ստեղծագործել, արտադրել եւ ցաւալին հոն է, որ երբ ան կը կաշկանդուի գաղութի կամ կրօնական-համայնքային սահմաններով։ Անձ մը երբ արդէն կը զգայ իր նկարիչի կոչումը, այդ ներշնչումը, յարգելով իր շրջապատը եւ կրթութիւնը, պէտք է որոշ ճնշումներէ ձերբազատէ ինքնզինք, որպէս օրինակ յիշեմ Արմիսը, Արմիս այդ յատկութիւնը ունի, որ ազատ մնացած է, ան իր կրթութիւնով, իր ժամանակով, պահպանողական շրջանի մէջ ապրած ըլլալով, հոգեւոր  անձնաւորութիւն եղած է, սակայն կարողացած է իր   նկարչութեամբ  հասնիլ   ազատութեան ու ազատ  արուեստ   կերտելու   կոչումին։

 

- Որպէս արուեստագէտ,   երբեւիցէ որեւէ  ճնշումներ զգացած է՞ք:  

 

Եղած է   ժամանակ  մը, երբ     զգացած եմ որոշ  ճնշումներ, բայց այսօր  այդպիսի բաներ չկան: Երբ կեանքի փորձառութիւնը քեզի չէ   կոփած, կրնաս  այդ  ճնշումներուն տակն ալ մնալ։ Անշուշտ ժամանակի ընթացքին կը ձերբազատուիս այդ ճնշումներէն, որովհետեւ ներշնչումդ եւ ներքին աշխարհդ աւելի զօրաւոր  են  եւ կը յաղթես  ճնշումներուն, իմ պարագայիս այդպէս  եղաւ։

 

-Ինչպէս     գիտենք՝   Դուք  ծնած  էք Հալէպ։  Ի՞նչ յիշողութիւններ  ունիք   այդ քաղաքէն, ի՞նչ կ'ըսէք Հալէպի մասին:


Կրնամ ըսել, որ կեանքիս մէջ ամէն օր պահ մը կայ, երբ ես Հալէպ  կը վերադառնամ... Հոգիով ու  սրտով  Հալէպ  կ'այցելեմ, կը մտածեմ անոր մասին։ Նկարչութեանս մէջ մանրամասնութիւններ  կան,  կայ  որոշ մթնոլորտ մը,  կան շէնքեր, որոնք գոյութիւն չունին   այսօր ապրած   վայրերուս  մէջ եւ  այդ բոլորը  Հալէպ կը յուշեն։ Հալէպը ինծի համար   ներշնչման   աղբիւր է։ Քաղաքը,   այդ տեղի  կենցաղը, յիշատակները կը կարծեմ, որ հարստութիւն կը բերեն իմ նկարչական աշխարհին...  

Հալէպահայ ըլլալով կամ Հալէպ մեծնալով շատ հարուստ յիշատակներ ունինք, որ  կ՚ապրին   մեր  հետ  եւ  հարստութիւն կը բերեն մեր մտածումներուն, մեր ներաշխարհին եւ մեր նկարչական երեւակայութեան:

 

-Իսկ մտադի՞ր էք օր մը Հալէպ վերադառնալ, պիտի ըլլա՞յ այդ մէկը արդեօք:


Այո, արդէն կը մտածեմ այդ ուղղութեամբ, որովհետեւ նախքան   Սուրիոյ   պատերազմին  սկսիլը ես  յաջողեցայ  քանի մը ցուցահանդէսներ բանալ։ Իսկ վերջին ծրագիրս, որ նախատեսուած էր  2011-ի կէսերուն,   հասկնալի  պատճառներով       չիրականացաւ։ 

Հալէպի մէջ  գործող   ցուցասրահը, որուն հետ ես  պիտի իրականացնէի ծրագիրս, պատերազմի տարիներուն ծանր վնասներ կրեց,  փակուած էր, բայց հիմա արդէն վերանորոգուած է: Վերջերս  դարձեալ  կապ ստեղծեցի  անոնց հետ, եւ   ներկայիս  ծրագիրներ կը պատրաստենք, որ պիտի   իրականացուին մօտիկ  ապագային։ Այսինքն  Հալէպ վերադառնալու  գաղափարը միշտ ալ կայ, նոյնիսկ եթէ Հալէպը առաջուան Հալէպը չէ։ Չմոռնանք,  որ    այդ քաղաքը մեզմէ   մաս մը մըն  է,   եւ   ով ալ ըլլայ    հոն ապրող  ժողովուրդը, հանդիսատեսը, կը փափաքիմ մաս կազմել անոր, հոն  երթալ եւ Հալէպի մասին ներշնչումներս  վերստին ցուցադրել: