image

Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը դարձեալ հետաձգուեցաւ

Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը դարձեալ հետաձգուեցաւ

Երէկ երեկոյեան պարզ դարձաւ, որ Լիբանան նոր կառավարութիւն մը պիտի չունենայ յառաջիկայ ժամերուն: Այս մասին կը հաղորդէ VDL կայանը, նշելով, որ երէկ մետասաներորդ րոպէին նոր բարդութիւններ յառաջացան եւ յայտնի դարձաւ, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն կը պահանջէ, որ արդարադատութեան նախարարական աթոռը տրուի իր թեկնածուին:

Աւեի վաղ յայտնի էր, որ այդ աթոռը պիտի պատկանի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան:

Իր կարգին, Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր ժահժահ, որ կապ հաստատեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, յայտնեց, որ իրենք չեն պատրաստուիր «որեւէ ձեւով նոր կառավարութեան մաս կազմել»:

Յիշեցնենք, որ անցնող 4 ամիսներուն Լիբանանի վարչապետը, ինչպէս նաեւ երկրի նախագահն ու խորհրդարանի նախագահը մեծ ճիգեր կը գործադրեն կազմելու համար նոր կառավարութիւն, սակայն ամէն փուլի կը յայտնուին նոր արգելքներու առջեւ: