image

«Վրաստանի նախկին իշխանութիւնները «սպիտակ եղեռն» գործադրած են Ջաւախահայութեան դէմ.Չենք մոռցած ատիկա»Արմէն Չախալեան

«Վրաստանի նախկին իշխանութիւնները «սպիտակ եղեռն» գործադրած են Ջաւախահայութեան դէմ.Չենք մոռցած ատիկա»Արմէն Չախալեան

Ջաւախահայ Արմէն Չախալեան պատասխանեց «Արեւելք»ի հարցումներուն

 

-Գիտենք որ Վրաստանի մէջ նախագահական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան, այդ առումով ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ ներկայիս:

Վրաստանի նախագահական ընտրութիւնները պիտի կայացուին յառաջիկայ 28 հոկտեմբերին։ Գրանցուած թեկնածուներէն փաստացի երեքը Ջաւախքի մէջ ներկայացուած են, անոնք են՝ անկախ թեկնածու Սալոմէ Զուրապիշվիլին (թիւ 48), որուն կը սատարէ իշխող՝ «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը, Դաւիթ Բաքրածէն (թիւ 2) եւ Կրիկոլ Վաշածէն (թիւ 5): Վերջիններս պաշտօնաթող նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի խմբակիցներն էին:

-Հայկական համայնքին վերաբերեալ ի՞նչ են ընդհանուր տրամադրութիւնները, ի՞նչ կը խօսուի, մեր ժողովուրդը տարբեր քաքներու մէջ, յատկապէս՝ Թիֆլիս, Ախալցխա, Ջաւախք եւ ուր որ հայկական համայնք կայ, ի՞նչ կը մտածեն այս ընտրութիւններուն մասին, ձեր կարծիքով որո՞ւ պիտի քուէարկէ հայութիւնը:

Հայկական համայնքը Ջաւախքի եւ ընդհանրապէս Վրաստանի մէջ միանշանակ կերպով չընդունիր թեկնածուները: Այսինքն Կրիկոլ Վաշածէն կը յայտարարէ, որ իր յաղթանակի պարագային յաղթանակ կը տանի նաեւ Սահակաշվիլին եւ ատոր հետ կապուած մտահոգութիւններ կան համայնքէն ներս։

Ըսեմ նաեւ, որ մեր ժողովուրդը քիչ տեղեկացուած է, այդ է խնդիրը, շատերը նոյնիսկ չեն գիտեր թեկնածուներու անունները, ընտրութիւններու օրը եւայլն: Շատ թոյլ է տեղեկատուական ոլորտը, չկան թերթեր, չկան քաղաքական հաղորդումներ, ձայնասփիւռ եւայլն, կայ առցանց մէկ- երկու լրատուական կայք եւ վերջ, եւ այդ կը խանգարէ բազմակարծութեան տարածման, տեղեկատուական պակասը ատոր հետ կապուած է:

 

-Ձեր տեսակէտով, ի՞նչ պիտը ըլլայ ընտրութիւններու արդիւնքը եւ արդեօք այդ արդիւնքը յարիր է հայութեան շահերուն։

Ինչ կը վերաբերի ընտրութեան արդիւնքներուն, ինչպէս կ'ըսեն, քաղաքականութիւնը գուշակութիւններ չի սիրեր, բայց փորձեմ մօտաւորապէս պատկերը ներկայացնել: Վրաստանի հայկական համայնքը ինչպէս փորձը ցոյց տուած է, միշտ կը նախընտրէ իշխանական թեւը եւ կը քուէարկէ անոր օգտին, իմ կարծիքով, այս անգամ ալ բացառութիւն չըլլար: Յամենայնդէպս Ջաւախքի մէջ պէտք է որ յաղթէ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչը , կայ անոր նպաստող եւս մէկ հանգամանք, այն է, որ մնացած երկու թեկնածուներու անունները կը կապուին նախկին իշխանութիւններուն հետ եւ Ջաւախքի մէջ անոնք (նախկին իշխանութիւնները) իրենց իշխանութեան տարիներուն սպիտակ եղեռն իրականացուցած են հայութեան դէմ, ձերբակալութիւններ՝ անհիմն մեղադրանքներով, դպրոցներու մէջ հայոց լեզուի դէմ պետական պայքար, հայոց պատմութեան ժամերու ի սպառ վերացում եւայն, բազմաթիւ մարդոց երկրէն ուղղակի վռնտեցին՝ հետախուզում յայտարարելով, աքթիւիսթներու մուտքը արգիլցին Վրաստան, եկեղեցիներու խնդիր եւ այլն:

Այդ պատճառրով, ես կը կարծեմ Ջաւախքի մէջ մեծ առիթ ունի Զուրապիշվիլին, բայց ընդհանուր Վրաստանի մէջ կրնայ այլ պատկեր

ըլլալ, չի բացառուիր նաեւ երկրորդ փուլ: Իսկ հայութեան շահերուն կապուած կը կարծեմ, որ ոչ մէկ թեկնածու ալ իր ծրագիրներուն մէջ հայանպաստ օրակարգ կամ առաջարկ ունի։ Անշուշտ այս մէկը շատ մտահոգիչ է: Այս առումով կուզեմ նաեւ նշել, որ տիկին Զուրապիշվիլին խոստացաւ, որ Վրաստանի մէջ բնակող ոչ մէկ հայ այլեւս քաղաքացիութեան խնդիր պիտի չունենայ, իսկ եղածներն ալ պիտի լուծուին եւ պիտի վերադարձուին անձնագրերը, յայտարարելով, որ՝ «արդար չեն եղած ձեր հանդէպ», սակայն այդ մէկը բաւարար չէ։

Մթնոլորտը մինչ այս պահը խաղաղ է, եւ ընտրական գործընթացները բնականոն հունի մը մէջ են։ Ըսեմ նաեւ, որ Վրաստանի մէջ ընտրութիւնները չեն կեղծուիր, կեղծման գործընթացը հասցուած է նուազագոյնին , ինչի համար ալ բոլորս գոհ ենք։

 

-Վերջերս իմացայ, որ կին թեկնածու Սալոմէ Զուրապիշվիլին մեկնած է Ջաւախք եւ խօսած է այն մասին, որ Սահակաշվիլին հայերուն անձագիր չէր տար, այլ կու տար թուրքերուն, եւ ան ըսած էր, որ այս սխալը ձեւով մը պիտի սրբագրուի, ինչքանո՞վ կը վստահիս անոր խօսքին:

Այո՛, Սալոմէ Զուրապիշվիլին Ախալքալաքի մէջ յայտարարեց, որ կայ յստակ խնդիր երկքաղաքացիութեան հետ կապուած եւ որ նախորդ նախագահը (ակնարկելով Սահակաշվիլիին) ձեզի անձնագիր չէր տար եւ հակառակը՝ թուրքերուն կը նուիրէր, որոնք ոչ մէկ կապ ունեցած են Վրաստանի հետ: Ես այստեղ ճշդում մը ընեմ՝ ոչ թէ չէր տար անձնագիր, այլ կը վերցնէր, կը զրկէր քաղաքացիութենէն: Ինչպէս յայտնի է, ջաւախքահայերը Ռուսաստան արտագնայ աշխատանքի մեկնելու պատճառով կը ստանային ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ այդ դարձաւ պատրուակ, որ սահմանին մարդոցմէ վերցնէին վրացական անձնագիրը եւ յայտարարէին, որ դուք այլեւս Վրաստանի քաղաքացի չէք:

Այո, Զուրապիշվիլիի յայտարարութիւնը հարիւր առ հարիւր ճիշդ է: Այսօր Ջաւախքի մէջ մօտաւորապէս 30 հազար հայեր այսպէս թէ այնպէս խնդիրներ ունին քաղաքացիութեան հետ կապուած: Բայց այս յայտարարութիւնը իր բացասական կողմը ունեցաւ թեկնածուին համար. հակառակ կողմը զինք մեղադրեց ազգամիջեան բախում հրահրելու մէջ եւ 15-է աւելի կազմակերպութիւններ անոր դէմ յայտարարութիւններով հանդէս եկան։