image

«Հայերս մեծ անուն վաստակած ենք ոսկերչական արհեստին մէջ». Յակոբ Մէլքիսէթեան

«Հայերս մեծ անուն վաստակած ենք ոսկերչական  արհեստին մէջ». Յակոբ Մէլքիսէթեան

Քուէյթահայ  գործարար Յակոբ Մէլքիսէթեանը (Տէր եւ տնօրէն ոսկերչական Markasti հաստատութեան) Instagram-ի իր էջին ոսկերչական արուեստի գեղեցիկ նմուշ մը տեղադրած է։ Պատկերին եւ առհասարակ Մելքիսէթեաններու ծաւալած գործունէութեան մասին  «Արեւելք» կարճ զրոյց մը ունեցաւ Յակոբ Մելքիսէթեանին հետ, որ նաեւ յայտնեց, թէ նկարին մէջ երեւցած գրաւիչ ստեղծագործութիւնը արտադրուած է օրեր առաջ հիմնադրուած արհեստանոցին մէջ։

Նշենք, որ քուէյթահայ շրջանակներուն մէջ բարի համբաւ վաստակած Մելիքսէթեանները, շնորհիւ երկար տարիներու տքնջան աշխատանքի, յաջողած են փայլուն անուն ձեռք  ձգել, ոչ միայն Քուէյթի ոսկերչական շուկային, այլ նաեւ արաբական աշխարհին մէջ։

Մելքիսէթեաններու ծաւալած ոսկերչական գործունէութեան հիմնադիրն է Մէլիք  Մէլքիսէթեանը, որ իր առաջին արհեստանոցը հիմնադրած  է 1966 թուականին Քուէյթի մէջ։

Իր կարգին Յակոբ Մելքիսէթեան հաստատեց, որ ոսկերչական արհեստը իրենց համար դարձած է ընտանեկան արհեստ մը:  Ան մասնաւորապէս ըսաւ «Մենք սիրեցինք այս արհեստը եւ առաջին օրէն ալ սիրելով աշխատեցանք։ Եթէ այդ սէրը չըլլար, վստահ չեմ որ յաջողութեան պիտի հասնէինք»։

Մելքիսէթեան նաեւ նշեց, որ Քուէյթի, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհի մէջ հայ ոսկերիչները մեծ համբաւ ունին։

Ան այս առումով ըսաւ. «Անշուշտ ժամանակը, ձեռք բերուած վստահութիւնը եւ արաբական շուկային մէջ հայերու ձեռք բերած համբաւը, միշտ ալ խթանած են մեզի, որ փորձենք դառնալ լաւագոյնը»։



 

 

Յակոբ Մելքիսէթեան նաեւ նշեց, որ վերջին  երկու տարիներուն մեծ ճիգեր  գործադրած են հիմնելու համար իրենց նոր արհեստանոցը, որ օժտուած է ոսկերչութեան աշխարհի վերջին կազմածներով։

 

Ան այս առումով  եւ խօսելով վերջերս հիմնադրուած նոր արհեստանոցին մասին ըսաւ. «Մեր հիմնադրած  արհեստանոցը  այսօրուան դրութեամբ  կը համարուի Քուէյթի մէջ գտնուող մեծագոյն գործարաններէն մին, որ օժտուած է ոսկերչական աշխարհի ամէնէն արդիական  կազմածներով եւ բոլոր տեսակի յարմարութիւններով։ Անշուշտ   ծաւալը  այդքան  կարեւոր չէ, կարեւորն այն է, որ մենք եւ մեր արհեստանոցի կազմը լաւագոյնը պիտի ընենք ստեղծելու համար նոր, արդիական եւ բարձր որակ։ Մեր նպատակը այդ է»։

Աւարտին Մելքիսէթեան խօսելով յատկապէս նոր հիմնադրուած արհեստանոց- գործարանը Քուէյթի մէջ հիմնելու մասին, նշեց, որ Քուէյթի մէջ իրենց գործունէութեան պատճառն այն է, որ իրենք երկար տարիներէ ի վեր կը գործեն այդ  երկրին մէջ՝ վայելելով յարգանքն ու վստահութիւնը ոսկերչական ոլորտի ներկայացուցիչներուն։