image

«Ամէն վերադարձի երեխաներս լալով կը բաժնուէին Հայաստանէն». Հայրենադարձուած Լիբանանահայ

«Ամէն     վերադարձի   երեխաներս լալով  կը բաժնուէին Հայաստանէն». Հայրենադարձուած  Լիբանանահայ

Վանան ու Վազգէնը ծնած են Լիբանանի մէջ: Թէեւ ամբողջ կեանք մը ապրած են մէկ այլ երկրի մէջ, ուր բոլորովին այլ մշակոյթ ու սովորոյթներ կը տիրեն, այնուամենայնիւ, որոշած են իրականութիւն դարձնել իրենց երազանքն ու կեանքը շարունակել Հայաստանի մէջ: 

 

 

 

Լիբանանեան կեանքի մասին

«Ես ծնած եմ Լիբանանի մէջ, բայց երբ փոքր էի՝ սովետական տարիներուն, ամէն ամառ ծնողներուս հետ կու գայինք Հայաստան եւ երեք ամիս այստեղ կ'անցնէինք, եղբայրս ալ  այստեղ է ծնած է: Նոյնիսկ սովետի անձնագիր ունէի:

Ես եւ ամուսինս՝ Վազգէնը, ունինք երեք երեխայ: Լիբանանի մէջ կ'աշխատէի հագուստի խանութի մէջ, իսկ ամուսինս ոսկերիչ է: Երկու աղջիկներս դպրոց կ'երթային, փոքրը մէկ տարեկան է:

-Ինչպէ՞ս որոշեցիք տեղափոխուիլ Հայաստան:

Անցած տարի, երբ եկած էինք Հայաստան, ամուսինս առաջին անգամ կը տեսնէր Հայաստանը: Շատ սիրեց, տեսաւ, որ մեր երկիրն է, ուր ալ երթանք, պիտի վերադառնանք մեր երկիր, մեր հայրենիք: Պէյրութի մէջ ալ, երբ վիճակը վատացաւ, Սուրիայէն շատ մարդ եկաւ, իսլամները շատցան, շատ վտանգաւոր էր արդէն: Բացի այդ, շատ թանկացումներ եղան երկրին մէջ, շատ դժուար էր այլեւս երկու հոգիով աշխատելու պարագային երեխաներուն դպրոց ուղարկել, ապրիլ: Երեւան ալ կը վախնայինք գալ, քանի որ կառավարութիւնը ուրիշ էր, շատ կը լսէինք, որ չես կրնար գործ ընել այստեղ, քեզմէ փող կ'ուզեն՝ այսքան ինծի պէտք է տաս, թէ չէ այսպէս կ'ընեմ, չես կրնար աշխատել, գործդ կը փակես ու կը փախչիս: Արդէն երեք ամիս է, որ  Հայաստան ենք, շատ հանգիստ ենք, շատ ուրախ ենք: Յուսանք այսպէս կը մնայ, երկիրը դէպի աւելի լաւը կ'երթայ:

Երազի նման էր, երբ այսքան տարի յետոյ եկանք Հայաստան: Բայց, անշուշտ  կառավարութիւնը եթէ չփոխուէր, չէինք գար, քանի որ կը վախենայինք, տեսած էինք ինչպէս Հայաստան տեղափոխուած մարդիկ նորէն վերադառցած էին Լիբանան:

-Եղա՞ծ է պահ, որ  զղջացած  էք Հայաստան տեղափոխուելու համար:

Չէ եղած: Հիմա երբ ինծի կը հարցնեն կրնայ ըլլալ ետ Պէյրութ վեադառնաս, կ'ըսեմ՝ ոչ:  Այստեղ շատ լաւ է, երեխաներուս համար։Աշխատողին համար լաւ է երկիրը, դպրոցները շատ լաւ են, մարդիկ ալ շատ լաւ են, թէեւ ամէն երկրի մէջ ալ լաւն ալ կայ, վատն ալ: Կարեւորը այն հանգստութիւնն է, որ այստեղ կայ, երկրի հանդարտութիւնն է: Ամուսինս եւս մտադրութիւն ունի գալ Հայաստան, պարզապէս այնտեղ անաւարտ գործեր ունի, վերջացնելէն ետք անշուշտ պիտի գայ, կը սպասենք:

 

-Սպասելիքները արդարացա՞ն:

Արդարացան: Երկիրը առաջ կ'երթայ, շատ փոփոխութիւններ կ'ըլլան, որ չէինք սպասեր:

 

 

-Ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպեցաք Հայաստանի մէջ:

Հայաստանի մէջ առանձնապէս դժուարութիւններու չենք հանդիպած: Միակ խնդիրը, որուն հանդիպեցինք, հիւանդանոցին մէջն էր: Չէինք գիտեր, թէ ինչ թուղթեր պէտք են, մէկը միւսին կը հարցնէր, տեղեակ չէին: Պէտք է օրէնք դրուի, դուրսէն եկողներուն յստակ ըսուի, թէ ինչ թուղթեր պէտք են, ուր պէտք է երթալ այդ թուղթերուն համար: Իրենք ալ չէին գիտեր  ինչը ինչպէս պէտք է ըլլայ:

Մէկ խնդիր ալ կայ. քիչ մը տուները սղեր են, պէտք է հետեւին անոր: Պէտք չէ այդպէս ընել, պէտք չէ ժողովուրդի վերադարձի փաստէն օգտուիլ եւ թանկացնել տուները: Այս ժողովուրդը մեր հայն է, ժամանակին երբ ջարդուեցան, գացին դուրս, չարչարուեցան, հիմա ետ կու գան, պէտք է այդպէս չվարուին անոնց հետ:

 

 

-Ինչո՞վ կը զբաղուիք Հայաստանի մէջ:

Տան մէջ Պէյրութի հայկական, արաբական ճաշեր, անուշներ, նոյնիսկ եւրոպական ճաշեր կը պատրաստեմ, պատուէրներ կ'ընդունիմ։Մարդիկ, որ ծանօթ չեն այդ ճաշատեսակներուն, կը ծանօթանան, կը պատուիրեն, կը հաւնին: Մեր երկրի համար ալ փոփոխութիւն է:

Կը յորդորէ՞ք լիբանանաբնակ ազգականներուն, ծանօթներուն, որպէսզի իրենք ալ տեղափոխուին Հայաստան:

Ես շատ մեծ շրջապատ ունիմ: Հայերէն բացի ունիմ արաբախօս քրիստոնեայ շատ ծանօթներ: Կու գան Հայաստան, շատ կը սիրեն: Ինչ կը վերաբերի գալ, մնալուն, ան որ ունի Հայաստան գալու կարողութիւն, բոլորը կու գան: Իմ բարեկամներէս շատեր արդէն այստեղ են, շատերը կը պատրաստուին մինչեւ տարեվերջ գալ: 5-6 ընտանիք, որ կը ճանչնամ, տեղափոխուեցան Հայաստան: Շատեր կան, որ կը փափաքին գալ Հայաստան, բայց հնարաւորութիւն չունին: Ճիշդ է, Հայաստանի մէջ կազը, լոյսը, ջուրը դուրսի համեմատ աժան է, բայց այստեղ ապրիլը այդքան ալ հեշտ չէ: Եթէ եկողը հետը դուրսէն հաւաքած գումար չունի, աւելի դժուար կըլլայ անոնց համար:

-Ի՞նչ զգացիք, երբ տեղափոխուեցաք Հայաստան:

Ամէն տարի, որ կու գանք, ուրախութեամբ կու գայինք, երբ կը վերադառնայինք Լիբանան, երեխաներս լալով կու գային: Հայաստանը իրենց համար դրախտ է, դուռը կը բանան, բակին մէջ կը խաղան: Այնտեղ չէնք կրնար դուռը բանալ, բակ իջնել, կը վախնայինք: Այստեղ միտքերնիս հանգիստ է: Վերջ ի վերջոյ, ուր ալ երթաս, աս է քու հայրենիքդ, քու տանդ մէջ քեզի հանգիստ կը զգաս, այնտեղի վախերը չկան: Հայաստանի նման չկայ, երանի թէ դուրսի հայութեան, որոնք չեն կրնար գալ, օգնեն, փոքր հողով մը, բանով մը, մեր երկիրը շատ մեծ է, շատ մարդ կրնայ այստեղ ապրիլ: Եթէ փոքր բանով մը օգնեն, մեր երկիրը դեռ աւելի լաւ կը դառնայ»:

Հեղինակ՝ Մերի Բալասանեան
Vesti.am