image

Սուրիահայերու յաջողութեան եւս մէկ նոր հասցէ. Դաւիթաշէնի մէջ գործող «Թոշքա» ճաշարան

Սուրիահայերու յաջողութեան եւս մէկ նոր հասցէ. Դաւիթաշէնի մէջ գործող «Թոշքա» ճաշարան

Սուրիոյ համադամ ճաշերը եւ հայրենիքի բարենպաստ պայմանները մեր յաջողութեան գրաւականն են. Հալէպահայ Սոնա Ազլեան-Թիւֆէնքճեան 

 

Սուրիական լաւագոյն ուտեստներէն մէկը՝ թոշքան, Դաւիթաշէն համայնքի «Թոշքա» ճաշարանին մէջ տօնական օրերուն կը մատուցուի, թէեւ այցելուները ամէն օր ալ կրնան պատուիրել ու վայելել իրենց քիմքին հաճելի, ծանօթ ու անծանօթ ուտեստները՝ սուրիական խոհանոցէն:

3 ամիս առաջ Սոնա Ազլեան-Թիւֆէնքճեանը բացած է արագ սնունդի կէտի դռները դաւիթաշէնցիներուն առջեւ՝ Սուրիոյ մէջ ձեռք բերած իր խոհարարական հմտութիւնները ի ցոյց դնելով նաեւ երեւանցիներուն:

«Կեանքիս մէջ չէի պատկերացներ, որ իմ՝ որպէս տանտիկին, խոհարարական հմտութիւնները պիզնեսի մէջ կ'օգտագործեմ, որովհետեւ ինչ որ կ'ընէինք, մեր ընտանիքին, զաւակներուն, հիւրերուն համար կ'ընէինք ու ամէն անգամ կ'ուզէինք զարմացնել, ամէն մէկ նոր հիւրին նոր բան մը մատուցել, այդ փորձառութիւնը այսօր կ'օգտագործենք, իմ խոհարարուհիները ամենալաւը կ'ընեն»:

Ան հպարտութեամբ կը շեշտէ, որ ի տարբերութիւն այլոց, սուրիահայ տանտիկինները կարիք չունին խոհարարական կրթութիւն ստանալու, բաւական է իրենց տարիներու փորձը, որ հպարտութեան առիթ է իւրաքանչիւր սուրիահայու համար: Կ՛ըսէ.

«Մենք՝ սուրիահայերս, լաւ տանտիկիններ ենք, որովհետեւ տունէն դուրս չենք աշխատած, ունեցած ենք ամենօրեայ հիւրեր, պատրաստած ենք մեծ սեղաններ, այնպէս որ որոշ փորձառութեան տէր ենք: Չեմ ըսեր, որ՝ գացեր, մասնագիտութիւն ստացեր եւ եկած եմ այսօր այս գործը սկսած եմ, ո՛չ,  մենք մեր տանտիկինութեամբ ինքնավստահ գիտենք, որ կրնանք լաւագոյնը տալ, պէտք չունինք նոր դասընթացքներ ընելու կամ փորձառութիւն ձեռք ձգելու, որովհետեւ ամբողջ կեանքերնիս մեր տունով, խոհանոցով հետաքրքրուած ենք, որովհետեւ աւանդապահ տանտիկիններ եղած ենք»:

Մեր հայրենակիցը  կը նշէ, որ իրենց ծառայութիւններէն միայն Դաւիթաշէն հաստատուած  սփիւռքահայերը   չէ որ կ'օգտուին,  այլ  նաեւ տեղի բնակիչները, որոնց համար արեւելեան   համադամ  ուտելիքներու ճաշակումը    սկսած է  դառնալ  ամէնօրեայ   աւանդոյթ:

«Խմորեղէնները կը պատրաստենք սպանախով եւ զանազան տեսակներով, այսինքն՝ մօտ 15-20 տեսակ, որ առաւօտեան կամ ընդմիջումներու ժամանակ   կ'ուտուին: Յատկապէս   մսաշոթը, որ   մեր խոհանոցին մէջ   իւրայատուկ տեղ մ'ունի»:

 


Տիկին Սոնա նաեւ կը շեշտէ, որ այստեղ  Հայաստանի մէջ ուտելիքները յատուկ արժէք ալ կը ստանան, որովհետեւ ուտեսները կը պատրաստուին առողջ  պայմաններու մէջ  աճած բանջարեղէններով:    

«Սուրիահայ մասնագիտացուած խոհարարուհիներ կը պատրաստեն ուտեստը՝ սկզբունք ունենալով  մաքրութիւնը եւ օրկանիք, ոչ պահածոյ բաներ օգտագործելը, միսը՝ թարմ, բանջարեղէնը՝ թարմ: Առաւել, մաքրութիւնը մեր սկզբունքն է, ամէն ինչ մաքուր պիտի պատրաստուի, որ մեր յաճախորդներուն կարողանանք լաւագոյնը տալ: Մենք շատ ճակատաբաց կրնանք ըսել՝ մեր մսավաճառը մեր կողքն է, կրնանք վկայել, որ օրը օրին թարմն ու ընտիրը կ'առնենք: Մենք մեր տան համար ինչպէս ամենաընտիրը կը վերցնենք, խանութին համար աւելի բծախնդիր ձեւով կը վերցնենք»:

7-րդ տարին է՝ ինչ Ազլեանները կ'ապրին Հայաստանի մէջ: Ծանօթացած են տեղի շուկային, հետեւաբար  անոնց  համար հեշտ եղած է կայանալը, մինչ այս ալ հագուստի խանութ ունեցած են: Հիմա Դաւիթաշէնի մէջ անոնց ունեցած նոր տարածքը իրենց սեփականութիւնն է եւ  կարողացած են այն ձեռք բերել Հալէպի ունեցած   իրենց խնայողութիւններով:

«Ես չեմ կրնար մոռնալ Հալէպը, ամէն բարիքները մենք այնտեղէն բերած ենք: Այլապէս այս խանութի տէրը չէինք կրնար ըլլալ: Մեր յուշերը, կեանքի  կարեւոր մէկ   մասը   այնտեղ են, բայց մեզի համար հայրենիքն ալ հայրենիք է...»

Ամուսիններով Հայաստան են, իսկ զաւակներն ու թոռնիկները՝ Պէյրութ են, կ'ըսէ՝ անոնց համար հեշտ չէ ամէն անգամ տեղափոխուիլ, երեխաներու կրթութիւնը կիսատ ձգել, բայց մեծահասակները աւելի հանգիստ կեանքի կը ձգտին, հետեւաբար իրենք սիրով ընտրեցին Հայաստանը:

«Մեր տեղը այստեղ է, հանգիստ կրնանք ապրիլ, բայց կրնայ ըլլալ երիտասարդները կեանք կերտելու համար դուրս երթան...

Այդ   մէկը անշուշտ   իրենց որոշումն է»: