image

Հիմա, որ դէպի Հայաստան կ'երթան, ասոր ես գաղթ չեմ ըսեր, տունդարձ կ'ըսեմ.Իշխան Մանիսաճեան

Հիմա, որ դէպի Հայաստան կ'երթան, ասոր ես գաղթ չեմ ըսեր, տունդարձ կ'ըսեմ.Իշխան Մանիսաճեան

Լիբանանահայ Իշխան Վահան Մանիսաճեանը, որուն լիբանանցի կինը սիրահարուած է Հայաստանին, Լիբանանի երբեմնի փառքն աւարտած կը համարէ:

 

Ամենահին հայկական գաղութներէն Լիբանանն այսօր կանգնած է լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ:  Երկրի տնտեսական ու քաղաքական անկայուն վիճակն անհետեւանք չի մնար նաեւ հայ համայնքին վրայ, որ տարուէ տարի աւելի կը նոսրանայ:

Այս իրավիճակին մէջ ամենայուսադրողն այն է, որ ի տարբերութիւն այլ համայնքներու, լիբանանահայերու մեծ մասը կը տեղափոխուի Հայաստան: Սա կը հաստատէ համայնքի ներկայացուցիչ, առեւտուրի ոլորտի պաշտօնեայ Իշխան Վահան Մանիսաճեանը: Սփիւռքահայերու առջեւ հայրենիքի բացուած դռները իրենց տարիներու երազն իրականացնելու հնարաւորութիւն ընձեռեցին: Այսօր իրավիճակ մը ստեղծուած է, երբ Լիբանանը կը կորսնցնէ իր երբեմնի փառքը, փոխարէնը Հայաստանը ոտքի կանգնելու ճանապարհը պիտի բռնէ, կը կարծէ Մանիսաճեանը:

«Եթէ 10 ընտանիք կը գաղթէ Լիբանանէն Հայաստան, 1-2-ն են, որ այլ երկիրներ կ'երթան, երբ տեսնեն, որ Հայաստանը դէպի լաւը կ'երթայ, իսկ Լիբանան՝ դէպի ետ, կու գանք եւ կ'ըսենք, որ Հայաստանը նորմալ երկիր է: Մենք տեսանք Լիբանանը փառքի երկիր, որ հիմա վատ օրեր կ'ապրի: Եթէ Լիբանանի մէջ 10 անձի հետ խօսիք, 9-ը կ'ուզէ Հայաստան գալ, մենք 100 տարի Լիբանանը շէնցուցինք,  բայց այսօր ես չեմ ուզեր, որ սփիւռքի գաղութները քայքայուին, քանի որ Հայաստանի ուժը սփիւռքէն կու գայ, սփիւռքն ալ Հայաստանով զօրաւոր է»,-կ'ըսէէ Մանիսաճեանը:

Բազմաթիւ անգամներ այցելած է Հայաստան, հայրենիքի մէջ հաստատուիլն ալ վերջնական նպատակն է, կ'ըսէ՝ եղբայրն արդէն իսկ տեղափոխուած է:

«Իմ կինս լիբանանցի է, բայց եթէ առիթ ըլլայ, ինծմէ առաջ Հայաստան կ'երթայ, այնքան որ սիրահարուած է Հայաստանին, ես առիթ ունեցեր եմ ԱՄՆ, Գանատա երթալու, բայց չեմ գացած: իսկ հիմա, որ դէպի Հայաստան կ'երթան, ասոր ես գաղթ չեմ ըսեր, տունդարձ կ'ըսեմ: Հիմա, որ աւելի լաւ պայմաններ պիտի ըլլան Հայաստանի մէջ, բոլորը պիտի երթան»,-վստահ է ան:

Փոխարէնը Լիբանանի մէջ դժուարութիւնները շատ են, ֆիզիքական սպառնալիքներ չկան, բայց կան այլ դժվարութիւններ, որոնք ոչ միայն հայերու, այլ ընդհանուր լիբանանցիներու խնդիրն է: Կը ներկայացնէ.

«Գլխաւոր պատճառը տնտեսական եւ քաղաքական վատ վիճակն է: 4 ամիս է՝ Լիբանանի մէջ կառավարութիւն գոյութիւն չունի, երկիր մը, որ առանց կառավարութեան կը գոյատեւէ, սղութիւն, նեղութիւն կը տիրէ: Ֆիզիքական ապահովութիւն կայ, բայց անապահով կը զգանք առողջապահական գետնի վրայ, տնտեսական գետնի վրայ, ելեկտրականութիւն չունինք, ջուրի վիճակը վատ, չեմ կարծեր, որ աշխարհը միայն այստեղ է, մէկը, որ կը տեսնէ դիմացը անդունդ է, կը ցանկա՞յ այդ ուղղութեամբ շարունակել»:

Իսկ այս իրավիճակը էապէս ազդած է հայ համայնքին վրայ, գաղթողներու թիւը կը մեծնայ, մնացող փոքրամասնութիւնը օր մը ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգի առջեւ պիտի կանգնի: «Մեզի համար այստեղ լաւ է, կրցանք հայկական ոգիով մեծանալ, հայ գաղութը լաւ է, բայց մէկ տարուան ընթացքին թիւը արագօրէն նուազեցաւ, եթէ այսպէս շարունակուի, վիճակը բաւական պիտի ծանրանայ: Ասկէ 10-20 տարի առաջ մենք 20 վարժարաններ, դպրոցներ ունէինք, հիմա 12-13 հայկական դպրոց մնացած է: Հիմա կը լսեմ, ոքաջալերուած են Հայաստան երթալու, բայց եթէ այստեղ միայն մօտ 10 հազար հայ մնայ, ձուլման վտանգը պիտի մեծանայ»,-մտահոգ է լիբանանահայ պաշտօնեան, որ կը կարեւորէ նաեւ սփիւռքի գոյութիւնը:

Ի տարբերութիւն լիբանանահայերու, սուրիահայերը, որոնք պատերազմի հետեւանքով տեղափոխուած էին հայրենիք, կը նախընտրեն Հայաստանի փոխարէն այլ երկիրներ հաստատուիլ, Իշխան Վահան Մանիսաճեանը անոնց այս որոշումը չի հասկնար, կը կարծէ, որ հայու վերջնական ընտրութիւնը Հայաստանը պիտի ըլլայ եւ կը վստահեցնէ, որ ինքը այս պատճառով է, որ երբևէ չէ օգտուած իրեն ընձեռուած հնարաւորութիւններէն ու չէ մեկնած  ԱՄՆ կամ Գանատա: