image
Հրատապ լուրեր:

27 Տարուան անկախութիւն. Յոյսի հայրենիք, լոյսի հայրենիք

27 Տարուան անկախութիւն. Յոյսի հայրենիք, լոյսի հայրենիք

Սովորամոլութիւնէ հեռու, տօնական մթնոլորտէ անդին իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ, ոսկեայ տառերով փորագրուած է Հայաստանի Անկախութիւնը։

Տօն, որ ամէնէն աւելի առիթ է ինքնաքննութեան։

Տօն, որ ամէնէն աւելի առիթ է նոր ոստումներու։

Տօն, որ  կիզակէտն է բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքը դրին յանուն մեծ Հայաստանի երազին։

 

Ինչո՞ւ կարեւորել այս տօնը, եւ ի՞նչ հիմունքներով ապրիլ ու ապրեցնել, անոր իւրաքանչիւր պահը։

Ինչո՞ւ սիրել մեծ  ու փոքր տագնապներէ  անցած, յաճախ վիրաւորուած ու այսօր ալ իր լիութեան չհասած փոքրիկ այս Հայաստանը։

Ինչո՞ւ ապրիլ անոր երազին համար, երբ այդ երազը կ՚ուշանայ եւ երազին համար յաճախ մարտեր տուած նահատակներուն կտակը կ՚անտեսուի։

Ապրիլ այդ  տօնը, որովհետեւ այն սկիզբն է մեր հաւատամքի հանգանակին։

Սիրել փոքրիկ այս Հայաստանը, որովհետեւ այն սկիզբն է մեր գալիք բոլոր մարտերուն, մեր մեծ երազներուն, մեր էութեան եւ մեր  ճանապարհին։

Ապրիլ անոր վաղուան երազով, հաւատալով ու  սիրելով, որ  այդ  երազը կը փայլատակուի ու անոր երկինքին տակ իրենց աչքերը բացած նոր սերունդներուն ձայնով ու բառով պիտի լեցնէ մեր  հոգին ու ականջները։

 

Ապրիլ, սիրել եւ երազել։ 

Ասոնք ենք մեր գալիքի հանգանակաները, առանց որոնց մեր գոյութիւնը պիտի  վտանգուի եւ վաղուան համար նետուելիք քայլերը պիտի ըլլան թերի եւ ուշացած։

Շնորհաւոր Հայաստան քու  27-րդ տարեդարձդ, քու վերադարձդ ու յաւերժագնաց  երթդ։

Շնորհաւոր Հայաստան քու եւ մեր  անկախութեանդ օրը։

Բի՜ւր  յարգանք քու նահատակ որդիներուդ յիշատակին, եւ բի՜ւր յարգանք ազատատենչ մեր ազն  հայութեան։

 

 «Արեւելք»