image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպը կար, բայց իմ ծանօթներս ալ չկային. Հիասթափուած եմ. Մառնի

Հալէպը կար, բայց  իմ ծանօթներս ալ չկային. Հիասթափուած եմ. Մառնի

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Երեւան հաստատուած  եւ օրերս Հալէպ այցելած երիտասարդուհի՝ Մառնի Ինճէեան:

 

-Ի՞նչպիսին էր Հալէպի հետ հանդիպումդ։ Գիտենք, որ հինգ եւ աւելի տարիներէ ի վեր հեռու էիք Հալէպէն, ինչպիսի՞ն  էր առաջին «շփում»ը։

Այո, վեց տարի է չէի եղած  եւ այդ շրջանին որ բացակայեցայ Հալէպէն, ինծի համար` տարիքային առումով աւելի կայացման շրջան էր, որը ես ապրեցայ Հայաստանի մէջ, հետեւաբար այսօր որպէս լրիւ ուրիշ մարդ այցելեցի իմ ծննդավայրը եւ շատ տարբեր տեսայ իմ  գիտցած Հալէպէս:

Անշուշտ գիտէի որ վիճակը վատ էր, քաղաքի մեծ տոկոսը քանդուած է, այդ ամէնուն մասին լսած ու կարդացած էի լրատուութեամբ, բայց ուրիշ էր այդ ամէն ինչը աչքերով տեսնելը: Շատ բաներ  փոխուած էին, քաղաքի եռանդը նոյնը չէր:

 

-Ի՞նչ մնացած էր  հին  Հալէպէն, յիշատակներ, մարդիկ, փողոցներ, վայրերթաղամասեր։ Ի՞նչ մնացած  էր   այդ  բոլորէն։

Հին Հալէպէն մնացած շատ բաներ կային, ի վերջոյ դպրոցս կար, միութիւնս, ուր մեծցած էի, խաղավայրները, ուր ես խաղցած էի, այդ բոլորը տեսայ, որոնք որպէս յիշատակներ մնացեր էր մէջս: Հարցը այն է, որ առաջին հերթին ոգեւորուեցայ եղածով, տեսածներովս, բայց յետոյ զգացի որ ինծի համար այլեւս այդքան ալ էական չէ այդ շէնքը կամ տեղը, որովհետեւ այդ մարդիկը չկան, որոնց հետ ես անցուցեր եմ այդ ժամանակը եւ միասին այդ  յիշատակները ունեցած ենք, այսինքն հասկցայ, որ շէնքով կամ քարով չէ այդ ծննդավայրը կամ տունը, այլ մարդոցմով է, որոնց հետ ապրած ես այդ օրերը:

 

- Ի՞նչպիսին էր «նոր» Հալէպը։ Ի՞նչ տարբերութիւն կար քու ճանչցած Հալէպիդ եւ այսօրուանին միջեւ։

Նոր Հալէպը փոխուած էր, իմ ակնկալածէս աւելի լաւ էր անշուշտ, որովհետեւ ես աւելի վատ կը պատկերացնէի վիճակը, քաղաքի հետ կապուած գիտէի որ շրջաններ կան փլած: Երեւի ինծի համար հինի եւ նորի միջեւ տարբերութիւնը այն էր, որ իմ ըներներս չկային, այդ շրջապատը եւ ոգին այլեւս չկային, այդ պակասը ես շատ զգացի:

 

-Տարբեր առիթներով  խօսուած  է, որ  այսօր Հալէպի մարդագրական պատկերը   փոխուած է։ Հայերու  թիւի զգալի պակաս կայ, նոր իրավիճակ ստեղծուած է, ի|նչ կրնաս  ըսել այդ  մասին։

Այո, ճիշդ է, հայերուն քանակը շատ քիչցած է, թիւերով չեմ ուզեր անդրադառնալ, բայց այդ շրջանները, որ առաջ բոլորը հայեր էին, հիմա կ'երթաս, շատ քիչ կը հանդիպիս հայերու, հայաբնակ թաղէ կը քալեմ, ուր առաջ բոլորը ինծի ծանօթ էին,  իսկ հիմա   բոլորը  օտար դէմքեր են։