image

Արդէն յստակացաւ. Ռուսական կործանիչը վար առնուած է սխալմամբ. Մոսկուա կը սպառնայ Իսրայէլին

Արդէն   յստակացաւ. Ռուսական   կործանիչը  վար առնուած  է սխալմամբ. Մոսկուա  կը    սպառնայ  Իսրայէլին

Սուրիոյ երկինքին վերեւ  բաւական տրամադիք դէպքեր կը գրանցուին։

Խօսքը երէկ գիշեր Լաթաքիոյ մէջ գրանցուած զարգացումներուն մասին է, որու հետեւանքով ալ ռուսաստանեան օդուժին պատկանող ռուսական հետախուզական «Իլ-20»կործանիչ մը վար  առնուեցաւ եւ  անոր 14 ռուս զոհուեցան։  

Սկիզբը լրատուութիւն կատարուեցաւ այն մասին, որ  սուրիական հակօդային պաշպանական խարիսխները դէմ դրած են քաղաքին վրայ կատարուած յարձակումը եւ յաջողած են շեղել տասնեակ հրթիռներու  ուղղութիւնը։

Առաւօտեան ժամերուն յայտնի կը դառնար, որ ռուսական «Իլ-20» -ը վար առնուած է սխալմամբ  եւ այն ջախջախուած է միջերկրականեան ջուրերուն մէջ։

Իր կարգին Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը յայտարարէր, որ վար առնուած է Սուրիոյ պաշտպանական ուժերուն կողմէ եւ տեղի ունեցածը եղած է սխալի արդիւնքով։

 

Այս բոլորէն անդին կարեւորագոյն Ռուսաստանի կողմէ կատարուած  յայտարարութիւնն էր, որ յականէ անուանէ կը դատապարտէր Թէլ Աւիւի  պահուածքը ու եղածին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը բեռցնէր  իսրայէլեան կողմի  ուսերուն։

 

Տակաւին Մոսկուա քիչ մը աւելի հեռուն երթալով կը յայտարարէր, որ յառաջիկային տեղի ունենալիք որեւէ զարգացումի պարագային ինք իրաւունք ունի արժանի հակահարուած տալ  իսրայէլեան որեւէ զինուորական քայլ,  որն արդէն   պիտի համարուի  թշնամական  քայլ մը։

Հիմա  կարեւոր  հարցադրումը հետեւեալն է,  արդեօք Մոսկուայի վերջին յայտարարութիւնները վերջնագի՞ր են Իսրայէլին։ Այսինքն կոչերու եւ  յայտարարութիւններու փուլէն  ետք, արդեօք  շրջանը  մտած  է բոլորովին նոր փուլ։

Արագ եւ ընդհանուր տիակնոզ մը կատարելով աւելի քան յստակ պիտի դառնայ, որ յատկապէս վերջին երեք տարիներուն Թէլ Աւիւ առաջ մղելով իր մօտեցումները  փորձեց ամէն առիթի  հարուածի տակ առնել Սուրիոյ բանակին համար կարեւոր համարուած  կեդրոններ ապահովելու համար իր սահմանային  թիկունքը եւ անվտանգութեան ընդհանուր համակարգը։

 

Սուրիոյ մէջ գրանցուող ներքին լարումներուն, ահաբեկչկան  խմբաւորումներու դէմ տարուած ռազմական գործողութիւններուն եւ երկրի ապահովական մարմիններուն ցուցաբերած քաջարի  կեցուածքներուն համընթաց Իսրայէլ միշտ յենուելով  իր  հին-նոր ռազմաքաղաքական   մօտեցումներուն վրայ յաջողեցաւ լայնցընել Իսրայէլ պետութեան «հոգեբանական» ապահովական գօտին եւ ամրապնդել այն հին վարկածը, որուն համաձայն քանդուած ու պարտուած բանակ ունեցող Սուրիա մը  ամէնէն աւելի  նպատակայարմար էր  իր  համար։

Այս բոլորը կան։ Հաշուարկներ են, որոնց մասին Իսրայէլացի պատասխանատուներ երկար մտածած  ու գործած  են,  անկախ այս բոլորէն  սակայն անոնք կը մոռնան, որ  այսօր  գետնի վրայ ինքզինք ուժեղ  զգացող  եւ գերարդիական զէնքեր ունեցող եւ «անպարտելի» համարուած իսրայէլեան  բանակը   կ՚ապրի  լուրջ  տագնապեր։

 

Իսկ  ինչ կը վերաբերի ստեղծուելիք  նոր իրավիճակին ապա աւելի քան պարզ է, որ Մոսկուայի կողմէ կատարուած եւ բաւականին բացայայտ կերպով արտաբերուած «սաստում»ները կրնան բանալ բոլորովին նոր էջ մը,  ուր այլեւս ռուսական զէնքերով իսրայէլեան կործանիչներուն վար առնուիլը պիտի  դառնայ  ամբողջական  իրականութիւն։

Ու այդ զարգացումներուն արդիւնքով ցամաքի վրայ մեծ վախերու մատնուած Իսրայէլի զինուած ուժերը  ականատես պիտի դառնան նոր իրականութեան մը, որուն հիմնական «ճարտարապետ»ը դէպի Մերձաւոր Արեւելք նոր «տուխ»ով  վերադարձած  եւ  անպարտելի հանդիսացող  Մոսկուան  է։

Հետեւաբար միայն  ուշադիր  ըլլալ, այսպէս  կը թելադրէ մեծերու  խաղը, որուն մէջ կատարուած բոլոր զարգացումները  արդիւնք  են, ոչ թէ երեւակայական վարկածներու այլ քաղաքական  եւ ռազմական իրական հաշուարկներու։

 

«Ա»