image

Սուրիոյ մէջ անհետացած 14 ռուս զինծառայողներու ճակատագիրը կը մնայ անյայտ

Սուրիոյ մէջ անհետացած 14 ռուս զինծառայողներու ճակատագիրը կը մնայ անյայտ

Երէկ երեկոյան յայտնի դարձած է, որ ռուսական հետախուզական «Իլ-20» օդանաւ մը անհետացած է Սուրիոյ մէջ։ Օդանաւին մէջ գտնուած են 14 զինծառայողներ, անոնց ճակատագիրը կը մնայ անյայտ։

Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ ինքնաթիռն անհետացած է Միջերկրական ծովու օդային տարածքէն՝ Սուրիոյ ուղղուած իսրայէլական օդուժի հարուածներու եւ ֆրանսական «Auvergne» հածանաւէն հրթիռներու արձակման ժամանակ։ 

Սուրիական ափէն 35 քմ հեռաւորութեան վրայ՝ Հմեյմիմ ռազմակայան վերադարձի ժամանակ օդանաւն անհետացած է ռատարներէն, երբ իսրայէլական 4 F-16 ինքնաթիռներ հարձակում գործած են Լաթաքիոյ մէջ սուրիական կառոյցներու վրայ։

Ռուսական օդուժի հրամանատարութիւնը որոնողա-փրկարարական գործողութիւն կազմակերպած է: 

Իսրայէլական կողմը հրաժարած է մեկնաբանել տեղի ունեցածը: