image

Լիբանան. Ժունիէ քաղաքի մարմինները պիտի փակեն սուրիացիներու խանութները

Լիբանան. Ժունիէ քաղաքի մարմինները պիտի փակեն սուրիացիներու խանութները

Լիբանանի Ժունիէ քաղաքի քաղաքապետարանի ենթակայ ոստիկանութիւնը շրջելով քաղաքին մէջ սուրիացիներու պատկանող խանութները, 15 օրուան պայմանաժամ տրամադրած է այդ խանութներու տէրերուն, պահանջելով փակել զանոնք, այլապէս սպառնալով օրէնքի ուժով փակել տալ:

«Ֆինիքիա» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Ժիւնիէի քաղաքապետարանը նախապէս հրապարակած էր քաղաքի տարածքին գտնուող  աւելի քան 100 խանութներու եւ անոնց սուրիացի տէրերուն անունները, պահանջելով փակել զանոնք, սակայն նկատելով, որ ոչինչ փոխուեցաւ, որոշած է աւելի գործնական քայլերու դիմել: