image

Փութին Արեւմուտքը խաղի բերելով Միջին Արեւելքի մէջ իր նպատակներուն հասաւ. «Times»

Փութին Արեւմուտքը խաղի բերելով Միջին Արեւելքի մէջ իր նպատակներուն հասաւ. «Times»

Երէկ, 12 սեպտեմբերին, Բրիտանիոյ մամուլի էջերուն լոյս տեսած յօդուածներու եւ վերլուծութիւններու զգալի մասը յատկացուած էր Իտլիպի դէմ սպասուող ռազմական գործողութիւններուն:

«Times» թերթի լրագրող Ռոժըր Պոյս իր յօդուածին մէջ նշած է, որ Փութին օգտուելով արեւմտեան տարբեր երկիրներու հետաքրքրութեան շրջանակներու այլազանութեան առիթէն, յաջողեցաւ խաղի բերել Արեւմուտքն ու Միջին Արեւոլքի մէջ իր շահերն ապահովել:
Որպէս օրինակ, Պոյս նշած է, որ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի հիմնական խնդիրը իրանեան ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու հարցն է, մինչդեռ Սուրիոյ շրջակայ երկիրներու հետաքրքրութիւնը կեդրոնացած է Սուրիոյ մէջ պատերազմական գործողութիւններու աւարտին վրայ: