image
Հրատապ լուրեր:

«Միայն դատաիրաւական ճանապարհով». Լիբանանահայ պատգամաւոր Յակոբ Բագրատունիի սպասելիքը հայրենի իշխանութիւններէն

«Միայն  դատաիրաւական   ճանապարհով». Լիբանանահայ պատգամաւոր Յակոբ Բագրատունիի սպասելիքը հայրենի իշխանութիւններէն

ՀՅԴ  Լիբանանի  Կեդրոնական Կոմիտէի  ներկայացուցիչ եւ  խորհրդարանի    անդամ, երեսփոխան Յակոբ  Բագրատունի        հարցազրոյց մը տուաւ «Արեւելք»ին։    Վերջին   տասնամեակին  լիբանանահայ  քաղաքական   կեանքին մէջ  ազդեցիկ  եւ  կարեւոր    դեր   ստանձնած   Բագրատունի   խօսեցաւ   յատկապէս   ներ-հայաստանեան   վերջին զարգացումներուն մասին՝  շեշտադրելով, որ  այսօր ամէն  բանէ   աւելի    Հայաստանի    իշխանութիւնները  պարտաւոր են կտրուկ  քայլեր  ընելով  կասեցնել  արտագաղթի   վտանգաւոր երեւոյթը։

Ան  նաեւ     անդրադարձ   կատարեց վերջին  շաբաթներուն   Հայաստանը   յուզող     քաղաքական  գործընթացներուն,  նկատել  տալով,  որ    բոլոր      խնդիրները  պէտք է լուծուին բացառապէս   դատաիրաւական   համակարգի   ճանապարհով՝ հեռու մնալով  քաղաքական   պատուէր   կատարելու   միտումներէն։

 «Արեւելք»ի      ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք  Յակոբ Բագրատունիի հարցազրոյցին        յապաւուած    տարբերակը,   խոստանալով մեր    վաղուան  հրապարակումով    հարցազրոյցի  ամբողջութիւնը ներկայացնել  ընթերցողներու  ուշադրութեան։

 

Անկախ այն բանէն, թէ ո՞վ է յանցաւորը՝ պաշտօնեա՞յ, թէ՞ քաղաքացի, պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի միմիայն անկախ դատական համակարգի միջամտութեամբ, համոզուած է լիբանանահայ պատգամաւոր, ՀՅԴ անդամ Յակոբ Բագրատունին:

Բագրատունի անդրադարձաւ  յատկապէս հայաստանեան յետյեղափոխական իրավիճակին, ներկայացուց  նախկին իրավիճակէն ձերբազատելու, դատական անկախ համակարգի ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ արտագաղթի կանխման իր տեսլականը:

Ժամանակն է, որ Հայաստանի մէջ վերանայ հարստահարման իրավիճակը, արգելակուին փտածութեան կամ արտագաղթի տուն տուող պատճառները, համոզուած է քաղաքական գործիչը:

«Սա է մեր սպասելիքը, մենք՝ իբրեւ Դաշնակցութիւն, հրապարակաւ  բոլորին առջեւ  արտայայտուած ենք, խորհրդարանին  մէջ, մամուլի միջոցով, թէ մեր զանազան բանախօսութիւններու, հանդիպումներու ընթացքին՝ պահանջելով, որ մեր հայրենիքի տարբեր ժամանակներու իշխանութիւնները ականջալուր ըլլան ժողովուրդի պահանջներուն, կարենան վերացնել դասակարգային  տարբերութիւնները  եւ ստեղծել արդարութեան վրայ հիմնուած այնպիսի համակարգ, որուն   շնորհիւ  իւրաքանչիւր քաղաքացի կարողանայ  ինքզինք դրսեւորել համաձայն իր կարողութիւններուն»,-ըսաւ Մեթնի շրջանէն պատգամաւոր ընտրուած Բագրատունի:

Ժամանակը, որ անցած է Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, կարճ է, հետեւաբար համբերատար պէտք է ըլլալ  ամբողջական արդիւնքներ տեսնելու համար, իսկ այն, ինչ արդէն իրականացուած է, միայն ու միայն օրինական, իրաւական, համակողմանի լուծումներ պէտք է ստանայ:

Մասնաւորապէս Մարտի 1-ի գործի շրջագիծէն ներս Ռոպերթ Քոչարեանի եւ այլոց նկատմամբ առաջադրուած մեղադրանքին ինչպիսի՞ լուծում կ'ակնկալէ, կը նկատէ՞ խտրական մօտեցում, օրինակ, միւս նախագահներուն նկատմամբ, հարցին ի պատասխան Բագրատունին ըսաւ.

«Կ'ուզենք հաւատալ, որ ներկայ իշխանութիւնները վարչապետ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ անհրաժեշտ ստուգումներով, անկախ դատաիրաւական  ճանապարհով  կրնան յանցաւորները հրաւիրել պատասխանատուութեան։ Ով որ ալ ըլլայ  յանցաւորը, որ ժամանակի մէջ  ալ  գործած ըլլայ յանցաւորը, առաջին, երկրորդ կամ երրորդ նախագահն է կամ ով որ է եւ ինչ պաշտօնի վրայ  ըլլայ ան, պայմանաւ, որ յարգուին պետութեան սահմանադրութեամբ ճշդուած հիմունքները, սկզբունքները, ժողովրդավարական պայմանները եւ մարդկային իրաւունքները, բան մը, որ ես կ'ենթադրեմ, որ իշխանութիւնները ժամանակի ընթացքին    պիտի  կարողանան  ընել»,-կը կարծէ  Բագրատունի։

Ըստ   Բագրատունիի  այսօր մենաշատ վիճարկուող հարցերէն  մէկն է դատական համակարգի անկախութիւնը, առանց որուն  դժուար է լիարժէք անկախութիւն պատկերացնել սակայն անհնար չէ։ «Պէտք է առողջ դատական համակարգ ձեւաւորել, որ եւս պատասխանատուութիւն կը զգայ օրինականութիւնը պահպանելու»:

Լիբանանահայ  երեսփոխանին  կարծիքով անօրինականութիւնը երկրին մէջ արտագաղթի ծնունդ տուած հիմնական պատճառն է, հիմա, երբ հանրութեան շրջանին տրամադրութիւնները կը փոխուին, պատրա՞ստ է քաղաքացին հայրենադարձութեան: Բագրատունի կը կարծէ, որ ասոր նախադրեալը արտագաղթի կանխումն է:  Ան եզրափակելով ըսաւ.

«Հայրենադարձը պիտի ըսէ՝ արտագաղթ կայ հայրենիքէն, մենք ինչո՞ւ պիտի հայրենադարձութիւն ընենք: Հայրենադարձութիւնը հայրենասիրական զգացումներէն կը բխի, այսօր, դժբախտաբար, արժեհամակարգային նոր դրոյթին  մէջ հայրենասիրութիւնը եւ տնտեսական պայմաններու բարելաւումը, հայրենադարձութիւնն ու այլ արժէքները իրար հակասող  են, հետեւաբար պէտք է միջին լուծումը գտնել, որ կանխելով կամ նուազեցնելով արտագաղթը՝ միաժամանակ հայրենադարձութիւնը քաջալերուի»:

 

 

 Հարցազրոյցը ՝  Վարդուհի   Արզումանեանի