image

Հայկական դպրոցը վտանգուա՞ծ է Տէրիքի մէջ. Տօքթ. Թովմաս Յակոբեանի պարզաբանումը

Հայկական  դպրոցը վտանգուա՞ծ  է  Տէրիքի մէջ. Տօքթ. Թովմաս   Յակոբեանի  պարզաբանումը

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ  Սուրիոյ հիւսիսային  շրջաններու հայկական  իրավիճակին   քաջածանօթ     հասարակական  գործիչ  Տօքթ. Թովմաս   Յակոբեանը։

Յիշեցնենք, որ   Գամիշլի  ծնած    մեր  խօսակիցը   անցնող   տարիներուն կայք  հաստատած է   սքանտինավեան   երկիրներուն  մէջ  եւ    ներկայիս  կը գտնուի  Նորվէկիա։  


-Տօքթ. Թովմաս, ի՞նչ կը կատարուի Տէրիքի մէջ։ Անցնող օրերուն եւ յատկապէս  ընկերային  ցանցի  էջերու վրայ տեղեկութիւններ    տարածուեցան, ըստ   որոնց Տէրիքի  հայկական միակ վարժարանը   ճնշումներու տակ է եւ կրնայ     փակուիլ։ Ինչքանո՞վ են ճիշդ  այս տեղեկութիւնները, ի՞նչ    կրնաք   ըսել այս  մասին ։

Տէրիքի մէջ տեղի ունեցած երեւոյթը այն է, որ  տեղի քրտական    մարմինները, որոնք     քանի  մը տարիէ ի   վեր  կը փորձէին  իրենց  կրթական   ծրագիրը պարտադրել հայկական եւ արաբական դպրոցներուն վրայ, այսօր թէ՛ հայերուն, թէ՛ ասորիներուն , թէ՛ այլ   համայնքներու դպրոցներուն   կ՚առաջարկեն քրտերէնը   պարտադիր   լեզու դարձնել։ Անոնք հայկական դպրոցի պատասխանատուներուն ըսած են, դուք անպայման մեր կրթական ծրագիրը պէտք է կ՚իրարկէք,  եւ մեր   քրտերէն լեզուն ալ դասաւանդէք ձեր դպրոցներուն մէջ: Այս ամէնը պատահեցաւ, հակառակ անոր, որ  անոնք    հայկական ազգային դպրոցներուն հետ որոշ համաձայնութիւն մը հաստատած էին, որուն   հիմամբ ալ    մեր  ազգային  վարժարանները    զերծ   պիտի մնային  որեւէ տեսակի ճնշումներէ:  Սակայն  այսօր,  անոնց կրթական   մարմինը  նոր  որոշում  հրապարակած է, որուն  պատճառով  ալ       ընդհանուր շփոթ մը առաջացած է։  

 

-Ուրեմն  ձեր  խօսքէն  պէտք է   հասկնանք, որ  հայերէն  լեզուն  պիտի վերցուի՞  մեր դպրոցներէն:


Ոչ, հայերէն լեզուն ծրագրէն վերցուելու մասին խօսք չկայ, բայց իրենք կ'ըսեն, որ դուք պէտք չէ պետական կրթական ծրագրին հետեւիք, պէտք է մեր ծրագիրով, մեր  հրապարակած  գիրքերով դասաւանդէք եւ անոր կողքին ալ քրտական լեզուն դասաւանդէք։ Ընդհանուր եղելութիւնը այս է:

 

-Հայկական շրջանակներուն մէջ ինչպիսի՞  հակազդեցութիւն  գտաւ ա քրտական կողմի այս մօտեցումը։ Գիտենք որ ասկէ 2 տարի առաջ ալ նման դէպք մը պատահած էր Գամիշլիի մէջ։

 

Ոչ  ոքի համար  գաղտնիք  է, որ Սուրիոյ պատերազմին  հետեւանքով  Գամիշլիի եւ անոր շրջակայից  հայութիւնն ալ    մեծ  վնասներ  կրեց։ Ու   հակառակ    տիրող      իրավիճակին  մեր ազգային իշխանութիւնն ու միութիւնները իրենց ջանքը  կ՚ընեն    եւ կը շարունակեն   ապահովել մեր հայրենակիցներու     անվտանգութիւնն ու հոգալ անոնց   կարեւոր  պէտքերը։  Ինչ  կը վերաբերի  ձեր   հարցումին, ապա   ըսեմ, որ երկու տարի առաջ,  երբ նման պարտադրանքի փորձ եղաւ,  մեր մարմինները   յանձնախումբ  մը    առաջացուցին, որ հետեւեցաւ  այս հարցին եւ որոշ համաձայնութեան մը  գոյացուց  քրտական  մարմիններուն  հետ:  Այսօր    այդ համաձայնութենէն անցած է  երկու  տարի   եւ   քրտական  կողմը    խնդիրը  դարձեալ օրակարգ կը բերէ, հետեւաբար  ակնկալելի է,  որ  նման   նուրբ  հարցի մը շուրջ  դարձեալ  բանակցութիւններ սկսին։

Այդ շրջաններուն մէջ հայութիւնը    քիւրտերուն հետ  համատեղ   կեանք   կը վարէ, ու այս  առումով ալ  բնական է, որ երկու   կողմերը  զիրար   ճիշդ  հասկնան։ Անշուշտ   այստեղ հարց կը  ծագի, թէ   ինչ  տրամաբանութեամբ  է, որ քրտական   կողմը  կը փորձէ նոր  օրէնքներ   պարտադրել։ Մենք քիւրտերուն հետ հարց չունինք, բախում չունեցանք, ոչ ալ կ'ուզենք ապագային բախում ունենալ։Իմ   կարծիքով    հաւանական է, որ անյայտ ձեռքեր կան, որ ճնշում կը բանեցնեն քիւրտերուն վրայ, որպէսզի նման քայլեր առնեն։   Ի վերջոյ մենք չենք ուզեր, որ  քիւրտերուն հետ 100 տարի առաջ  պատահած  դէպքերը   կրկնուին։

 

-Հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ հայկական կողմին կեցուածքը, ի՞նչ մտադիր է ընել հայկական կողմը։ Խօսքը  անշուշտ, ոչ միայն Տէրիքի, այլ նաեւ Գամիշլիի մասին է։

 

Իմ  ունեցած  տուեալներովս, ներկայիս   բանակցութիւններ կ՚ընթանան։ Նման հարցերու հանգուցալուծումը  ժամանակ  կը   պահանջէ։

Գամիշլիի   համայնքն ալ         պատուաբեր  կեցուածք   արձանագրած է եւ լուծումը քիւրտերու ղեկավարներուն  ձեռքն է։  Անոնք     պէտք է  հրաժարին   ծայրայեղ   քայլերէ։ Ամէն պարագայի  մեզի կ'իյնայ  հարցը լոյսին  բերել եւ մեր քիւրտ եղբայրներուն ըսել, որ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց որոշումները եւ աւելի լայնամտօրէն մտածեն այս հարցերուն ուղղութեամբ։

 

-Ձեր կարծիքով, այս դէպքերը  պատճառ կ'ըլլան, որ հայութիւնը Տէրիքէն հեռանայ:

 
Արդէն եղելութիւնը որ կ'ըլլայ, այդ է, հոն մնացած   սակաւաթիւ  հայութիւնը,  երբ տեսնէ, որ իր զաւակներուն ապագան խաթարուած է եւ իրենց լեզուն, իրենց դպրոցը   պիտի  փակուի, ապա  անոնք ալ պիտի մտածեն գաղթելու մասին:  Ձեւով մը  այս բոլորը   կը միտին    այդ շրջանները   հայաթափել։ Մեր ենթադրութիւնը ինչքանով ճիշդ է, կամ որքանով մութ ձեռքեր կը խաղան այս հարցի  մէջ քիւրտերուն  ճամբով, ներկայիս  չենք կրնար գիտնալ։

...Որպէս վերջին խօսք, կ'ուզեմ մեր քիւրտ եղբայրներուն ըսել, որ աւելի լայնամիտ ըլլան եւ հեռատես ըլլան այս ուղղութեամբ, հոնտեղի հայ ժողովուրդը մեղք մը չունի, որպէսզի վնասներու հատուցում վճարէ կամ որոշ քաղաքականութիւններու կամ  մութ ձեռքերու պահանջներուն ենթարկուին, եւ չեմ ուզեր, որ պատմութիւնը ետ վերանորոգուի սերունդներու իմաստով եւ մեր ներկայ յարաբերութիւններու իմաստով, կ'ուզեմ որ իրենք լաւ մտածեն եւ վերատեսութեան: