image

Յետպատերազմեան Հալէպի կրթական խնդիրներն ու «սպիտակ ջարդ»ի սպառնալիքը. Յարութիւն Սէլիմեան

Յետպատերազմեան Հալէպի կրթական խնդիրներն ու «սպիտակ ջարդ»ի սպառնալիքը. Յարութիւն Սէլիմեան

Հալէպի մէջ գործող 14 դպրոցներէն ոչ մէկը յետպատերազմեան տարիներուն փակուած է: Աշակերտներու թիւը կտրուկ նուազած է, դպրոցական շէնքերուն մէկ մասը՝ հրթիռակոծուած  եւ  վնասուած, սակայն այս ամէնը պատճառ չէ եղած զանոնք փակելու, կը պատմէ աւետարանական եկեղեցւոյ   նախագահ վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանը:

«Շարք մը ազգային վարժարաններ հրթիռակոծուեցան եւ դպրոցական շէնքերը կորսնցուցին: Այսօր հայ առաքելական համայնքի վարժարանները, որ Ազգային վարժարաններն են, խտացուած են 3 տարբեր վարժարաններու մէջ: Խնդիրը միայն շէնքը կորսնցնելը չէ. գաղութի թիւը նուազած է: Գիտէք, որ Հալէպի մէջ ունէինք մօտ 50 հազար հայութիւն, բայց այսօր առաւելագոյն, քիչ մը չափազանցուած թիւ պիտի ըսեմ՝ 15000 հայութիւն ունինք»,-կը պատմէ Յարութիւն Սէլիմեանը:

Բոլոր համայնքները հրթիռակոծութիւններէն անմիջապէս ետք վերսկսած են դպրոցներու վերականգնման աշխատանքները՝ չկորսնցնելով յոյսը, որ համայնքը պիտի շարունակէ իր բնականոն կրթական գործընթացը Հալէպի մէջ. Սա չարտագաղթած հայութեան յոյսը վառ պահելու միակ երաշխիքն է, հակառակ պարագային, աւետարանական համայնքի ղեկավարը վստահ է, շատ աւելի կ'ըլլար գաղթողներու թիւը:

«Կրթական համակարգի բաց մնալը օգնեց,   որ  հայութիւնը ապահով  կերպով կարենայ իր զաւակները կրթութեան ասպարզէի մէջ պահել»,-վստահ  է աւետարանական համայնքի ղեկավարը:

Վերջին տարուան ընթացքին եղած են նաեւ վերադարձողներ՝ Հայաստանէն, Պէյրութէն, մէկ-երկու ընտանիք նաեւ Գանատայէն, բայց ասոր զուգահեռ աւելցած է մեկնողներուն թիւը, կ'ըսէ Յարութիւն Սէլիմեանը: «Բաւական մեծ թիւով մարդիկ կային, որոնք արտագաղթի ծրագիրներու մասնակցած էին, այս ամառ հասած էր հերթը, եւ հիմա կը գաղթեն Գանատա: Չեմ կարծեր, որ եկողներուն հետ կը հաւասարակշռուի պատկերը, բայց աշակերտներու որոշ  թիւի աճ կարալի է ակնկալել»,-ըսաւ ան:

Պատերազմը պատճառ եղաւ նաեւ կրթական ծրագիրներու վերանայման: «Այսօր աշակերտները պատերազմի հոգեխոց կ'ապրին, եւ իրենց հոգեբանական ներաշխարհը բաւական անհաւասարակշռուած է, ապագայի վերաբերեալ իրենց անձնական իղձերը, ծրագիրները, փափաքները ունին, որոնք երբեմն հասանելի են, երբեմն՝ ոչ: Հետեւաբար մեր մարտահրաւէրները երկուքն են. Մենք տակաւին կը փորձենք ովասիս  ստեղծել այս փոթորկալից իրականութեան մէջ, եւ կ'ուզենք ընդգծել հայեցի եւ քրիստոնէական կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը: Մեծ յոյս ունինք, որ գալիք սերունդը պիտի դաստիարակուի եւ վերամշակուի այս տագնապալի իրականութիւններէն ետք»,-կը կարծէ վերապատուելի Սէլիմեանը:

Այս ամէնուն իրագործման համար եւս մէկ խնդիր ունին.  Հայրենաւանդ ուսուցիչներու պակասը, թէեւ անոնք, որոնք կ'աշխատին, իրենց գործը լաւագոյն ձեւով կը կատարեն, կը վստահեցնէ ան: Համայնքը նաեւ իր բոլոր ջանքերը կը ներդրնէ՝ արաբական միջավայրին մէջ հայ լեզուն պահպանելու ուղղութեամբ:

«Դպրոցներու ճանապարով կը փորձենք երեխաներուն ու ընտանիքներուն մէջ արմատաւորել հայ լեզուն, մշակոյթը, պատմութիւնը, աւանդոյթները, լրացուցիչ նշանակութիւն ունին նաեւ ակումբները, եկեղեցիներու երիտասարդական ու պատանեկան խմբակները, որոնք իրենց բարենպաստ ազդեցութիւնն ու ներդրումը ունին, եթէ մենք ամբողջ աշխատանքը չտանինք եւ մեր երեխաներուն շրջանին ծրագրուած լայնածաւալ հայապահպանաման ծրագիր չկիրարկենք, լուրջ վտանգի առջեւ կը կանգնի գալիք սերունդը, կը կարծեմ, որ պէտք է աչալուրջ հետեւինք, թերացում չարձանագրենք որեւէ բնագաւառի մէջ, որովհետեւ նուազագոյն թուլացումը կրնայ բացթողում առաջացնել, որով մենք կը վտանգենք հայեցի կրթութիւնը»,- կ'ըսէ Վերապատուելին:

Յարութիւն Սէլիմեանը մտահոգ է սուրիահայերու այն զանգուածին համար, որ, այսպէս կոչուած, երկրորդ սփիւռքացում կ'ապրի: Մեծ թիւ կը կազմեն Եւրոպա կամ արեւմուտք գաղթողները, որոնց վրայ, վստահ է,  հոգեբանական ազդեցութիւն կը գործէ նաեւ աշխարհագրական հեռացումը: «Միջին Արեւելքի մէջ մեր պատմական Հայաստանի եւ գրաւեալ հողերու աշխարհագրութենէն ետ չենք, եւ մերձաւոր ներկայութիւնը յիշողութիւնը թարմ կը պահէ, իսկ երբ արեւմուտք կ'երթան, շատ աւելի վտանգուած կը համարեմ լեզուն, մշակոյթը, կենցաղավարութիւնը, աւանդոյթները: Մտավախութիւն կայ, որ մեր երեխաները այլեւս հայերէնով արտայայտուիլը, հայ մշակոյթով զբաղուիլը աւելորդապաշտութիւն պիտի համարեն, եւ այս վտանգը իրականութեան մէջ  մահացու վտանգ է, «Սպիտակ ջարդ»ը սա է»,-կը արծէ «Արեւելք»-ի զրուցակիցը: