image

Սուրիացի զինուորը պատմած է իր կեանքը փրկած հայ կնոջ մասին (Տեսանիւթ)

Սուրիացի զինուորը պատմած է իր կեանքը փրկած հայ կնոջ մասին (Տեսանիւթ)

Սուրիական «Ալ Ախպարիէ» հեռուսակայանի հետ զրոյցի ժամանակ սուրիացի զինուորական Հուսամ Մրհէճ պատմած է Քեսապի ազատագրման համար մղուած մարտերու մասին:

Պատերազմի ժամանակ իր զոյգ աչքերը կորսնցուցած երիտասարդ զինուորը պատմած է, որ Քեսապ աւանն ամբողջութեամբ ազատագրելէ ետք, ինք եւ իր ընկերները զոհուած զինուորներու դիակներ սկսած են հաւաքել, որուն ընթացքին յայտնուած են ականներու դաշտի մը շուրջ: Հուսամ 3 ականներէ վիրաւորում ստանալով նետուած է դաշտին մէջ, եւ զինք դուրս բերելու ջանքերն ապարդիւն էին: Այդ պահուն Քեսապի ազատագրման մասնակցած հայուհի Սեւանի աջակցութեամբ հնարաւոր դարձած է զինուորը դուրս հանել դաշտէն, սակայն կարծելով, թէ զոհուած է, զինք տեղափոխած են դիակներու սառնարան:

3 ժամ սառնարանին մէջ մնալէ ետք, բժիշկներէն մէկը պատահաբար յայտաբերած է իր ողջ ըլլալն ու զինք փոխադրած են հիւանդանոց, ուր երկու ամիս ուշագնաց վիճակի մէջ մնալէ ետք աստիճանաբար ապաքինուած է: