image

Ահազանգ Լիբանանէն. Նշանաւոր Մայրի ծառը անհետացման վտանգի առջեւ

Ահազանգ Լիբանանէն. Նշանաւոր Մայրի ծառը անհետացման վտանգի առջեւ

Լիբանանեան «Ալ Ախպար» թերթը յայտնած է, որ նախագահական պալատը, ընդառաջելով շարք մը բնապահպանական միութիւններու կողմէ ներկայացուած բողոքներուն, միջնորդութիւն ներկայացուցած է Բնապահպանութեան նախարարութիւն, խնդրելով կտրականապէս արգիլել թռչուններու որսը Լիբանանի անտառներուն մէջ:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, անտառներու մէջ թռչուններու որոշ տեսակներու որսը կրնայ հանգեցնել վերջիններուս անհետացման, որ իր հերթին պիտի առաջնորդէ բնապահպանական համակարգի խաթարման, պատճառ դառնալով մանաւանդ Մայրիի անտառներու ոչնչացման:

Այս առթիւ անցնող յուլիսին ամերիկեան «New York Times» թերթը աղմուկ բարձրացուցած է, շեշտելով, որ լիբանանեան Մայրին ամէն տեսակի չարիքներու, պատերազմական գործողութիւններու ենթարկուեցաւ ու դիմանալով տոկաց, սակայն այն պիտի չտոկայ յառաջիկայ կլիմայական փոփոխութիւններուն, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ պիտի ոչնչացնեն աւելի քան հազար տարուան պատմութիւն ունեցող Մայրիի բոլոր անտառները: