image

Լիբանանի աղբի հարցը դարձեալ CNN-ի պաստառին

Լիբանանի աղբի հարցը դարձեալ CNN-ի պաստառին

Լիբանանի աղբահանութեան խնդիրը անգամ մը եւս իր վրայ կեդրոնացուցած է «CNN» լրատուական ցանցի ուշադրութիւնը:

Պատրաստուած տեսանիւթին մէջ լուսարձակի տակ առնուած է լիբանանեան ծովափերու ողբերգական վիճակը, ծովը թափուող աղբերուն պատճառած կեղտոտման հետեւանքով:

Տեսանիւթին մէջ շեշտուած է, որ Լիբանան բնապահպանական ճգնաժամ կ'ապրի, որ միաժամանակ իր ազդեցութիւնը կը թուղու թէ' ցամաքին վրայ եւ թէ ծովուն մէջ:

Պէյրութ այցելած լրագրող Պէն Ուէտման, որ լիբանանցի ծովասոյզներէն մէկուն հետ շրջած էր լիբանանեան ծովափերը, կարծիք յայտնած է, թէ ծովը զուգարանի նմանած է, իսկ ծովուն երեսը սատկած կենդանիներու, օգտագործուած շիշերու եւ այլ տեսակի աղբերու կարելի է հանդիպիլ, միաժամանակ դիտել տալով, որ ջրահերացման համակարգը նոյնպէս դէպի ծով կը թափի: