image
Հրատապ լուրեր:

1,7 միլիոն սուրիացի գաղթական կը պատրաստուի տուն վերադառնալ

1,7 միլիոն սուրիացի գաղթական կը պատրաստուի տուն վերադառնալ

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ մօտ օրէն շուրջ 1,7 միլիոն սուրիացի գաղթական հնարաւորութիւն պիտի ունենայ տուն վերադառնալ, նշելով, որ յիշեալ գաղթականներու տունդարձը համակարգող առաջարկներու ցուցակն ուղարկուած է Ուաշինկթըն, ի կատարումն երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ կայացած որոշման:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան հարցերով ազգային կեդրոնի նախագահ Միխայիլ Մեզինցեւ յայտնած է, թէ Մոսկուա առաջարկած է համատեղ յանձնաժողով մը կազմել, Սուրիոյ ենթակառուցուածքային համակարգի վերաշինութեան համար, դիտել տալով, որ Փութին-Թրամբ հանդիպման ժամանակ ստորագրուած համաձայնագիրները մեծապս պիտի նպաստեն նշուած ոլորտի զարգացման: