image

Աւանդական արժէքներու քայքայումը երկիրը կրնայ տանիլ կործանման. Սեւակ Արծրունի

Աւանդական արժէքներու քայքայումը երկիրը կրնայ  տանիլ կործանման. Սեւակ Արծրունի

«Նոր Հայաստան, նոր Հայրապետ» խումբի նախաձեռնած շարժումը, որուն պահանջը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի հրաժարականն է եւ կ'ուղեկցուի անհնազանդութեան ցոյցերով, եկեղեցի ու Վեհարան մուտք գործելով,  կ՚արժանանայ   յաճախ   հակասական      գնահատականներու։

Հայկական Եկեղեցին հայութեան սիրտն է եւ անոր նկատմամբ այդպիսի ընդվզումներն ընդունելի չեն կրնար համարուիլ, այն դէմ է հայկական աւանդական արժէքներուն:

Այս համոզմունքը կը յայտնէ գործարար, հասարակական գործիչ Սեւակ Արծրունին, որ տարիներ շարունակ Հայաստանի մէջ կ'իրականացնէ տարբեր ներդրումային ծրագիրներ՝ պիզնեսին զուգահեռ խրախուսելով հայրենադարձութիւնը:

Ան կը կարծէ, որ այս հարցը պէտք է լուծել ոչ թէ Վեհարանէն ներս, այլ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքներու եւ հայ եկեղեցւոյ կանոնադրութեան սահմաններուն մէջ:

Սեւակ Արծրունիի կարծիքով, «Ժողովրդավարութեան համար տարուող այս շարժումներու լոյսին ներքոյ պէտք չէ ոտնահարուին մեր աւանդական արժէքները, պէտք չէ ներմուծենք այնպիսի արժէքներ, ինչպիսիք են հակաեկեղեցականութիւն, հակաքրիստոնէականութիւն կամ հայ ընտանիքն ու հասարակութիւնը քայքայող այլ երեւոյթներ»:

Մեր  հետ զրոյցի ժամանակ ան ըսաւ, որ արժէքներու պահպանում չի նշանակեր սահմանափակել հայ ժողովուրդի ազատականութիւնը: Մեր պատմութիւնն օրինակներ շատ ունի, երբ ազատական շարժումները առաջընթաց ապրած են՝ առանց հակասելու ազգային արժէնքներուն: Արծրունին կը նշէ անոնք. «Մենք առաջիններէն եղած ենք, որ պաշտպանած ենք կիներու ու տղամարդոց միջեւ իրաւունքներու հաւասարութիւնը, կիներուն ընտրութեան իրաւունք տուած ենք կանանց, մանաւանդ մայրերուն լայն իրաւունքներ տրուած են նաեւ տան մէջ:  Մեր մօտ ազատական շատ-շատ այլ արժէքներ կան, մեր երկրին մէջ բոլոր օտարները կ'ընդունինք, մեր երկրին մէջ չէք տեսներ ֆաշիստական բնոյթի թշնամանքներ, նոյնիսկ մեր լեզուին մէջ իգական, արական չկայ, այդ իմաստով կը կարծեմ, որ մեր ազգային, ընկերային արժէքները պէտք է պահպանենք, իսկ եկեղեցւոյ շուրջ տեղի ունեցածը՝ ժողովրդական նման անսանձ ընդվզումը, կը խաթարէ այդ արժէքները: Պէտք չէ ճիշդը սխալի եւ ժամանակաւորը անժամանակ երեւոյթներու հետ խառնելով, քայքայենք մեր հասարակութեան աւանդական արժէքները: Աւելին, մեր երկրի մէջ, որ մշտապէս կը գտնուի շրջափակման ու պատերազմական սպառնալիքներու ներքոյ, պէտք չէ խարխլուին այն հիմքերը, որոնք ամուր կը պահեն ազգը»:

Ըստ անոր,  ոչ միայն հոգեւոր ու ազգային, այլեւ երկրի ընկերային ու տնտեսական առաջընթացի ամենակարեւոր գրաւականը այդ աւանդականի պահպանումն է:

«Երբ որ մեզի  կը պարտադրուի մեկուսացման եւ պատերազմական վիճակի մէջ ապրիլ, մենք պէտք է կարենանք այս հողին վրայ ապրիլ միմիայն մեր սեփական արժէքներով: Մենք ունինք հազարամեայ սրբութիւններ, այդ սրբութիւններուն վրայ կառուցուած է մեր ազատական մտածողութիւնը: Ընտանիքը ազատական է, եկեղեցին ազատական է, բայց ազատական չեն կրնար համարուիլ այն արժէքները, որոնք կ'ըսեն՝ քանդե՛նք մեր ընտանիքը, քանդե՛նք մեր եկեղեցին, աղճատենք մեր լեզուն»,-եկեղեցւոյ դէմ ծառացած շարժումն այսպէս կը մեկնաբանէ գործարարը:  

 

Հարցազրոյցը՝ Վարդուհի Արզումանեանի