image
Հրատապ լուրեր:

Ուաշինկթըն զայրացած է Լիբանանէն. Պատճա՞ռը

Ուաշինկթըն զայրացած է Լիբանանէն. Պատճա՞ռը

Ամերիկեան «Monitor» կայքը յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է Սուրիոյ կառավարութեան եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն միջեւ կայացած գաղթականներու տունդարձի համաձայնութեան, դիտել տալով, որ ամերիկացի օրէնսդիրներ ներգրաւուած են սուրիացի գաղթականներու ճգնաժամին մէջ:

 

Կայքը դիտել տուած է, որ ԱՄՆ Ծերակոյտը պահանջած է Արտաքին գործոց նախարարէն ապահովել Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով գերագոյն յանձնակատարի համագործակցութիւնը, գաղթականներու հարցին արդար եւ տրամաբանական լուծում տալու նպատակով:

 

Կայքը նշած է նաեւ, որ ընտրութիւններուն «Հըզպալլա»ի ջախջախիչ յաղթանակէն ետք Լիբանանի դէմ լարուած ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու զայրոյթն առաւել սաստկացած է այն բանէն ետք, երբ Լիբանանի իշխանութիւնները Սուրիոյ կառավարութեան հետ համաձայնութիւն ձեռք բերած են գաղթականներու տունդարձի վերաբերեալ: