image

«Հարիւրամեակի գործարք»ը Կազզայէ՞ն պիտի մեկնարկէ

«Հարիւրամեակի գործարք»ը Կազզայէ՞ն պիտի մեկնարկէ

«Իսրայէլն այսօր» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր նշած է, թէ իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը թերթին հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած է «Հարիւրամեակի գործարք»ին վերաբերեալ հրապարակուած լուրերը այն մասին, որ Թրամբի կառավարութեան կողմէ մշակուող մարդասիրական նախագիծի սկզբնաքայլը Կազզայէն պիտի ըլլայ:

Իսրայէլցի պաշտօնեան շեշտած է, որ ԱՄՆ իշխանութիւնները նախ եւ առաջ պիտի կեդրոնանան Կազզայի վրայ, նպատակ ունենալով այնտեղ իրավիճակի բարելաւում իրականացնել, միաժամանակ դրդելով նախագահ Ապպասը դադրեցնելու ամերիկեան իշխանութիւններու հետ յարաբերութիւններու սառեցումն ու իր հերթին իրավիճակի բարելաւման ուղղութեամբ քայլ կատարելու, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ ԱՄՆ-Իսրայէլ համաձայնութեան ծիրին մէջ, բարեփոխումները պիտի կատարուին անկախ Ապպասի ցանկութենէն կամ հաւանութենէն: