image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ լուսանկարչութիւնը աւելի բարձր մակարդակի վրայ է, քան ինչ որ էր Հալէպի մէջ.Լուսանկարիչ Յովիկ Թօփալեան (Ֆոթո Յովիկ)

«Արեւելք»ի զրուցակիցն է հալէպահայ  լուսանկարիչ Յովիկ Թօփալեանը:

Սուրիահայերու շրջանակէն ներս յայտնի լուսանկարիչ Յովիկը Հալէպի մէջ իր դերձակ հօրմէն ժառանգած Սուլայմանիյէ փողոցին վրայ գտնուող   վաճառատան  մէջ 1991-ին հիմնած էր իր սեփական լուսանկարչատունը (Սթուտիօ):Ան  1991-էն մինչեւ Սուրիոյ  պատերազմին շղթայազերծումը լուսանկարչութեամբ զբաղաած է Հաէպի մէջ, հիմա ալ արդէն 6 տարի է նոյն գործը կը շարունակէ Երեւանի մէջ:

-Ե՞րբ եւ ինչ  պայմաններու տակ հեռացաք Հալէպէն։

Մենք Երեւան եկանք 2012-ին, Սուրիոյ պատերազմը սկսելէն անմիջապէս ետք: Երբ Հալէպի մէջ նոր սկսած էին դէպքեր պատահիլ,  որոշեցինք ժամանակաւորապէս Երեւան տեղափոխուիլ, մինչեւ որ իրավիճակը խաղաղի եւ յստականայ, սակայն այդպէս ալ ետ չկրցանք վերադառնալ եւ Երեւան հաստատուեցանք: Վեց տարի է այստեղ ենք, այստեղ ե՛ւ ծնունդ, եւ մահ ունեցանք, չորրոդ զաւակս՝ աղջիկս հոս ծնաւ, իսկ մայրս,  որ մեր հետ եկած էր Հալէպէն, անցեալ տարի մահացաւ, ես ունիմ նաեւ դպրոցական տարիքի երեք որդիներ:

-Ներկայիս հաստատուած էք Երեւան եւ կը զբաւիք լուսանկարչութեամբ։  Ինչպիսի՞  դժուարութիւններու  բախեցաք  այդ  գործը սկսելու համար։

Երբ նոր եկած էի Երեւան, աշխատանքի սկսելու մասին չէի մտածեր, նոյնիսկ լուսանկարչական գործիքներս հետս չէի բերած, որովհետեւ ինչպէս ըսի, ժամանակաւոր եկած էինք, սակայն վերջը երբ տեսայ որ խնդիրը պիտի երկարի եւ կարելի չէ անգործ գոյատեւել, ստիպուեցայ նոր սարքեր գնել՝ վիտէօ, Ֆոթօ քամերաներ եւայլն եւ աշխատանքի լծուեցայ, ամենադժուար պայմաները այդ ժամանակ էր, մինչեւ որ գործիքները ձեռք բերեմ եւ սկսիմ աշխատիլ: Աշխատանքի բերումով սուրիահայ յաճախորդներու հետ դժուարութիւններ չեմ ունեցած, բայց հայաստանցի յաճախորդներու պարագային սկզբնական շրջանին լեզուի տարբերութեան պատճառով խնդիրներ կը պատահէին, բայց ժամանակի ընթացքին լեզուին տիրապետեցի, սկսանք իրար հասկնալ, նաեւ տեղական հարսանեկան ոճին ծանօթացայ եւ այդպիսով բաւական գործ ձեռք բերի եւ առաջացայ, ներկայիս ունիմ ե՛ւ սուրիացի ե՛ւ հայաստանցի յաճախորդներ:

- Գոհ է՞ք  ձեր  աշխատանքէն, պայմաններէն, գործի  բնոյթէն  եւ  այս բոլորէն անդին ձեր թափած ջանքին շնորհիւ կը կարողանա՞ք ձեր տնտեսական ու նիւթական  ակնկալիքները ապահովել։

Այո, գոհ եմ աշխատանքէս, սիրելով կ'ընեմ իմ գործս եւ այս աշխատանքի արդիւնքով է, որ մենք կրնանք գոյատեւել, ապրիլ, քիչ մը դժուարութիւններ կ'ըլլան, ամիս մը լաւ, ամիս մը վատ, բայց այս ձեւով մենք կրցանք Երեւանի մէջ ապրիլ,  շարունակել եւ յառաջանալ:

-Հայաստանի մէջ երբեւէ խտրականութիւն զգացա՞ծ էք ձեր հանդէպ, ձեր աշխատանքի բնոյթին, մտածելակերպին կամ մօտեցումներուն հանդէպ։

Զգալիօրէն այդպէս յատուկ խտրականութեան չեմ հանդիպած, պատահած է, որ մարդիկ մեր մասին՝ որպէս դուրսէն եկած, մտածած են որ իրենց գործի առիթները իրենց ձեռքէն կ'առնենք, բայց ես իրենց բացատրած եւ համոզած եմ, որ մեր Երեւան գալով, իրենք մեր՝ սուրիահայերուն հետ ալ գործ կ'ընեն, իրենց համար ալ առիթները կը շատնան, փորձառութիւններու փոխանակում կ'ըլլայ եւ փոխադարձ օգուտ կը քաղենք, շատերու հետ փոխանակած եմ այս մտքերը եւ իրենք հասկցած են որ մենք այստեղ գալով իրենց վնաս չենք պատճառեր, ընդհակառակաը աւելի օգտակար կը դառնանք:

-Ընդհանրապէս  ի՞նչ  խաւի  կը պատկանին ձեր յաճախորդները։

Ամէն խաւի մարդկանց հետ աշխատած եմ, նաեւ բարձրաստիճան՝ պետական, կառավարական մարդոց համար միջոցառումներ նկարած են, բայց աւելի շատ մեր սուրիահայերուն առիթները նկարելու կը հրաւիրուիմ:

-Իսկ Հայաստանի մէջ աշխատիլը հարստացուց ձեր փորձը: Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին:

Այո, շատ տարբեր եւ հարուստ փորձառութիւն էր, Հայաստանի մէջ լուսանկարչութեան արհեստը աւելի զարգացած է, քան Սուրիոյ մէջ: Հալէպի մէջ օրինակ եթէ առիթներ պիտի նկարէինք, միայն տուներու եւ սրահներու մէջ կրնայինք նկարել, աշխատանքի ձեւը շատ սահմանափակ էր, դժուարութիւններ ունէինք դուրսը նկարելու, իսկ հոս այնքան գեղեցիկ Երեւան ունինք, գունաւոր բնութիւն, տարածքներ, գեղեցիկ տեսարաններ, եկեղեցիներ, որ ուր ալ նկարես շատ յաջող եւ իւրայատուկ նկարներ կ'ունենաս, այս մէկը նկարիչին առիթ կու տայ ստեղծագործելու եւ իր միտքը աւելի լաւ  ձեւով արտայայտելու: Բացի այդ լուսնկարչական գործիքները շատ արդիական են, հիմա  ամէն ինչ աւելի աւելի արագ է,  միշտ նոր գործիքներ    մէջտեղ  կու գան  եւ Հայաստանը քայլ կը պահէ այդ նորութիւններուն հետ, այստեղ լուսնակարչութիւն արհեստ ըլլալէ աւելի արուեստ է, եւ մենք միշտ ստիպուած ենք նորարարութիւններ մտցնել, որպէսզի գոհացնենք մեր յաճախորդները եւ արագավազ ընթացքէն դուրս չմնանք:

-Մտադիր է՞ք Հալէպ վերադառնալ, կամ Հայաստանն արդէն  ձեր վերջին կայարանն է։

Հալէպ վերադառնալու կամ այստեղ մնալու մասին չենք մտածած, տան մէջ այդպիսի թեմա չկայ՝ մնա՞նք, թէ՞ երթանք: Առայժմ հոս ենք, պզտիկները յարմարուած են դպրոցէն  գոհ եւ  ուրախ են, գործ ունինք, շրջապատ, յաճախորդները կան, կը գոյատեւենք, կը փորձենք բարելաւել մեր վիճակը: Իսկ Հալէպի պայմանները դեռ այդքան ալ լաւ չեն, որպէսզի մտածենք վերադարձի մասին, բայց միաժամանակ Հալէպ վերադարձի գաղափարը   միշտ ալ օրակարգի վրայ է,  որովհետեւ տուն-տեղ ունինք, խանութ ունինք, անուն ունինք, ամէն ինչ ունինք:
-Ի՞նչ կը մտածէք  Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի ապագային մասին։ Ի՞նչ ունիք  ըսելիք սուրիահայ ձեր հայրենակիցներուն ու բարեկամներուն։

Սուրիոյ մասին միշտ ամենալաւն ու բարին կ'ակնկալենք:  Սուրիոյ ժողովուրդը շատ լաւ ժողովուրդ է, մեզ դիմաւորած է, մեր ամենանեղ պայմաններուն մէջ,  մեզի ձեռք մեկնած է եւ տէր տիրական դարձած է, մենք իրենցմով շատ ուրախ ու հպարտ ենք եւ կը ցանկանք, որ պատերազմը շուտ աւարտի եւ Սուրիան, մասնաւորպէս մեր Հալէպը արագօրէն վերականգնուի: Մեր հայրենակիցներուն, մեր գաղութին ալ կը մաղթեմ յարատեւութիւն,արտագաղթողներուն  նոյնպէս, որովհետեւ դժբախտաբար ցիրուցան եղանք, կը մաղթեմ որ գոնէ մեր միջեւ կապերը չկտրուին: