image

Եթէ հայ համայնքի կէսը մասնակցի, ես քաղաքապետարանի անդամ պիտի ընտրուիմ. Շահնուր Մինասեան

Եթէ հայ համայնքի կէսը մասնակցի, ես քաղաքապետարանի անդամ պիտի ընտրուիմ. Շահնուր Մինասեան

Պելճիքայի երկրորդ քաղաք՝ Անտվերբենի մէջ 2000-3000 հայ կ'ապրի, համայնքը մեծ չէ, ձեւաւորուած է նախորդ դարու երկրորդ կէսին, հիմնական սուրիահայեր, պոլսահայեր եւ իրանահայեր են: Փոքր համայնքի հայ մտաւորականներու ջանքերով այստեղ շարք մը հարցեր լուծուած են՝ ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան ու հայ համայնքին առնչուող այլ խնդիրներուն:

90-ականներու վերջերը համայնքին մէջ հաստատուած հայաստանցի Մինասեաններն ալ, որոնք «Նուարդ» մշակութային միութիւնը հիմնած էին,  չկրցան զերծ մնալ քաղաքական անցուդարձէն, մաս կազմեցին անոնց լուծման, ինչպէս օրինակ՝ համայնքէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած խաչքարի տեղադրում, Նոր Ջուղայի խաչքարերու ոչնչացման վերաբերեալ Եւրոխորհրդարանի մէջ բանաձեւի ընդունում:

Մշակութայինէն ակամայ քաղաքական գործունէութեան անցած հայազգի գործիչ Շահնուր Մինասեանը Պելճիքայի մէջ այս ամէնը շարունակելու հնարաւորութիւն ունէր, իսկ երբ Պելճիքայի իշխող «Նոր Ֆլամանական դաշինք» կուսակցութենէն Անտվերբենի քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասնակցելու առաջարկութիւն ստացաւ, Մինասեան չհրաժարեցաւ՝ այն համարելով աւելի յուսալի լծակ հայկական խնդիրները բարձր մակարդակներու վրայ ներկայացնելու համար:

«Արեւելք»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ան պատմեց այս տարուան 14 հոկտեմբերին կայանալիք քաղաքապետական ընտրութիւններուն իր մասնակցութեան, նախապտրաստական աշխատանքներուն, ծրագիրներուն ու յաղթանակի հնարաւորութիւններուն մասին:

«Կուսակցութիւնը իշխող կուսակցութիւն է, եւ քաղաքապետն ինքն առաջարկած է մասնակցիլ: Ան նաեւ կը հանդիսանայ կուսակցութեան նախագահը: Բաւական հզօր  ներուժ  եւ որոշիչ դեր ունեցող  կուսակցութիւն է: Համաձայնեցայ, որպէսզի մեր հարցերն աւելի լայն մաշտապով կարողանանք բարձրացնել եւ լուծել»,-ներկայացուց Մինասեանը, շեշտելով, որ երկրի մէջ պետական որոշիչ դերակատարում ունեցող պաշտօնեաները մաս կը կազմեն այս կուսակցութեան: Պելճիքական երեք մեծ՝ Կանաչներու,  Աշխատաւորական  եւ Նոր Ֆլամանական դաշինք կուսակցութեան նախագահները մաս կը կազմեն այս քաղաքական ուժին, որ նաեւ Մինասեանի լոպպիստական ջանքերու շնորհիւ լաւ ծանօթ է հայկական հարցերուն ու ազգային փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն:

«Կուսակցութիւնը աջ լիպերալ կուսակցութիւն է, ազատական արժէքներ դաւանող, հայկական հարցերուն միշտ աջակեր է, Ցեղասպանութեան ճանաչում, Արցախ այցելութիւն եւ այլն: Աւելի մեծ թափով պիտի աշխատինք այդ ուղղութեամբ, Արցախի հարցին աւելի մեծ ճանաչում բերելու, այցելութիւնները շատցնելու համար եւ այլն: Նոյնիսկ որոշակի կենցաղային հարցերով կարենանք օգտակար ըլլալ հայրենակիցներուն: Ծրագիրը պատրաստման փուլի մէջ է»,-յայտնեց քաղաքային խորհրդականի թեկնածուն:

Ծրագիրը կը պատրաստուի, իսկ այս ընթացքին կը հաշուարկուին յաջողութեան հնարաւորութիւնները. առաջին գրաւականը կուսակցութիւնն է, երկրորդը՝ հայ համայնքը, որ մեծաթիւ չէ, սակայն բոլոր ոլորտներուն մէջ ներկայացուած է , կը վստահեցնէ պելճիքահայ գործիչը: «Ընտրութիւնը քաղաքական այն երեւոյթներէն է, ուր քանակը որակ է,  այդ առումով թուրքերը, արաբները աւելի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն կուսակցութիւններուն համար, առաջին անգամ է որ նաեւ հայ պիտի մասնակցի, մեր քանակը համեմատաբար փոքր է, բայց հայերը շատ  ոգեւորուած են, վստահաբար կը զգամ ազգակիցներուս աջակցութիւնը իմ թիկունքին, բայց նաեւ կ'աշխատիմ այլ փոքրամնասնութիւններու հետ, մասնաւորապէս եզտիներու հետ, որոնց աջակցութիւնը միշտ ունեցած եմ, անոնք ալ իմը, համատեղ շատ ծրագիրներ ըրած ենք, նաեւ քիւրտերու, ասորիներու հետ»,-կ'ըսէ ԵՈՒՆԷՍՔՕ-ի «Սահմանային հարեւաններ» ծրագրի Պելճիքայի ներկայացուցիչը:

Եթէ հայ համայնքի կէսն ալ մասնակցի, յաջողութեան կարելի կ'ըլլայ հասնիլ, ընտրութիւններն այս երկրին մէջ բացառապէս համամասնական ընտրակարգով են, սակայն քաղաքացին կրնայ     վարկանշային  կարգով ընտրել իր նախընտրած թեկնածուին, հետեւաբար Մինասեանը կը նշէ. «Ես 37-րդ տեղը կը գրաւեմ մեր ցուցակին մէջ, երկրորդ սիւնակի ամենաներքեւի մասը, այսինքն՝  մէջտեղն է իմ անունս, դիւրին է գտնելը, եւ վարկանշային  ցուցակով կրնամ ես ընտրուիլ, բայց 20-րդ տեղը գտնուողն, օրինակ, չընտրուի, այս առումով այդ 37-ը շատ վատ տեղ չթուայ»:

Իսկ որքանո՞վ կրնան խոչընդոտել ու հակաքայլեր ձեռնարկել թուրք-ատրպէյճանական ուժերը ընդդէմ հայազգի թեկնածուի, Մինասեանն այս հարցին վերաբերեալ  մտահոգութիւններ չունի, հիմնաւորելով թէ ինչու, ան ըսաւ. «Ընտրութիւնները այստեղ համամասնական են, այսինքն՝ հակաքարողզչութիւնը պիտի ըլլայ մեր կուսակցութեան դէմ, չեմ կարծեր այդտեղ լուրջ յաջողութիւններ ունենան, ազգային թեմաներն այդ առումով այստեղ չեն շօշափուիր: Պելճիքան, նաեւ Ֆլամինիան ընդունած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այդ առումով մենք խոցելի չենք, իրենք խոցելի են: Երբ իրենց կը հարցնեն՝ կ'ընդունի՞ք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, թէ ոչ, չեն գիտեր ինչ պատասխանեն: Եթէ ըսեն՝ այո, մէկ անգամէն կը տապալուին ազգակիցներուն աչքին առաջ, ըսեն՝ ոչ, ուղղակի կը դատապարտուին պելճիքական հասարակութեան կողմէն»,-կը հաւաստիացնէ Անտվերբենի քաղաքապետարանի ընտրութիւններուն  մասնակցողառաջին հայազգի թեկնածուն: