image
Հրատապ լուրեր:

Երեւան ուսանած հայուհին պատրաստ է նպաստել Հալէպի վերականգնման

Երեւան ուսանած հայուհին պատրաստ է նպաստել Հալէպի վերականգնման

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Երեւան հաստատուած հալէպահայ Ալիսիա Գրիգորի Մուպահեաճեանը։ Ան դուստրն է Հալէպի անուանի բժիշկներէն, 2010 թուականին իր մահկանացուն կնքած հանրածանօթ սրտաբան բժիշկ՝ Գրիգոր Մուպահեաճեանին։

 

-Ինչպէս գիտենք, Սուրիոյ պատերազմին պատճառով շատ մը սուրիահայեր ընտանիքներ որոշեցին հայրենիք տեղափոխուիլ, որոնց շարքին նաեւ ձեր ընտանիքը, ինչպէ՞ս առիք այդ որոշումը:

Մենք պատերազմի շրջանին բաւական երկար ժամանակ Հալէպ մնացինք եւ միայն 2015-ին որոշեցիք դուրս գալ: Հայրս, որ Հալէպի մէջ յայտնի բժիշկ սրտաբան էր, նախքան պատերազմը՝ 2010-ին արդէն մահացած էր, մէկ տարի անց երբ պատերազմը սկսաւ, բաւական ժամանակ տոկացինք, այդ դժուարութիւնները ապրեցաք, միշտ յոյս ունենալով որ կը լաւանայ, ես ալ համալսարանս կ'աւարտեմ, բայց 2015-ի այն օրը, երբ մօրաքրոջս տան մօտ, հայաշատ Սուլէյմանիէ շրջանին վրայ ծանր հրթիռարձակումներ  եղան եւ համալսարանի տարածքին ալ սկսան հրասանդներ իյնալ, մտածեցինք որ այլեւս կեանքի ապահովութիւն չմնաց եւ մօրաքրոջս հետ միասին, ես, մայրս եւ քոյրս որոշեցինք Հայաստան գալ:


-Ինչպէս գիտենք, դուք ճարտարապետութիւն ուսանած էք, որ վերջերս աւարտեցիք, ուսմանդ առաջին տարիները Սուրիոյ մէջ անցուցած ես, իսկ վերջին տարիները Երեւանի մէջ, արդեօք տարբերութիւնը մե՞ծ էր երկու հաստատութիւններուն միջեւ, դիւրին եղա՞ւ ուսմանդ երկփեղկուած ընթացքը:

Այո, ես 2,5 տարի Հալէպ ուսանեցայ, յետոյ եկայ Երեւան, պետական համալսարան դիմեցի, նիւթերու տարբերութիւնները յանձնեցի եւ 2-րդ տարի ընդունուեցայ եւ վերջերս աւարտեցի: Ես բախտաւոր կը զգամ, որ առիթը ունեցայ երկու համալսարններէն ալ ուսում ստանալու եւ այդպիսով կրցայ գաղափար ունենալ ե՛ւ արաբական ճարտարապետութեան, ե՛ւ՝ հայկականի մասին: Ճարտարապետութեան առումով տարբերութիւններ կան, օրինակ Սուրիոյ պարագային, յատկապէս արաբական տուներու նախագիծերու առումով, անպայման հաշուի կ'առնուի կրօնքէն առաջացած օրէնքներ, ինչպէս օրինակ տան դուրսի ճակատին պատուհանի բացուածքներ կարելի չէ տալ, բայց ներսէն հարուստ է զարդանախշերով եւ կամարներով եւ Հալէպի համալսարանը այս բոլոր մանրամասնութիւնները կը փորձէ փոխանցել նոր սերունդին, որպէսզի հին ճարտարապետական արուեստը պահպանուի եւ ժամանակի ընթացքին հին  քաղաքի դիմագիծը չփոխուի: Իսկ Երեւանի պարագային աւելի հայկական եւ եւրոպական ոճերն են որ կը փոխանցեն, այս առումով աւելի հանգիստ կարելի է աշխատիլ, կաշկանդող օրէնքներ չկան եւ ուսանողը ազատ կրնայ նոր գաղափարներ արտայայտել եւ ստեղծագործել, Երեւանի պարագային առաւելութիւն մը եւս կայ, որ եկեղեցի չափագրլ կը սորվիս, ինչը Սուրիոյ մէջ, իսլամական երկիր ըլլաու պատճառով այդ հնարաւորութիւնը չունէինք:


-Ե՛ւ Սուրիոյ մէջ, ե՛ւ Հայաստանի մէջ ճարտարապետական նմուշները միշտ աչքի կը զարնեն իրենց գեղեցկութեամբ, հնաոճ նախշերով եւայլն, դուն որպէս ճարտարապետ, քեզի որմէ՞կը աւելի կը գրաւէ:

Համեմատութիւն ընելը չեմ ուզեր,որովհետեւ քաղաքի մը ճարտարապետութիւնը կ'առաջանայ մշակոյթէն եւ աւանդոյթներէն, եւ ըլլա՛յ Սուրիան, ըլլա՛յ Հայաստանը իրենց մշակոյթով հարուստ երկիրներ են եւ ունին ճարտարապետական իրենց յատուկ ոճը, ես անձնապէս երկուքն ալ կը սիրեմ եւ երկուքն ալ հետաքրքրական կը գտնեմ:


-Աւարտաճառի թեմադ Սուրիոյ վերաբերեալ ընտրած էիր, ինչո՞վ պայմանաւորուած էր, ինչու որոշեցիր ծննդավայրէդ տարածք մը վրցնել եւ ինչո՞ւ մասնաւորապէս Սահէթ Հաթապը: Աւարտաճառիդ ինչ նորարութիւն կը բերէր:

Այո, ես նախընտրեցի իմ   թէզս  Հալէպի    մասին  գրել, քանի որ նախ եւ առաջ իմ ծննդավայրս է եւ իւրաքանչիւր հալէպցի, որ ստիպուած լքած է Հալէպը, սրտին մէջ հոգեւոր կապ մը ունի այդ հարազատ քաղաքին հետ: Իսկ ինչու մասնաւորապէս Ճըտայտէ թաղամասը՝ Սահէթ հաթապը, ինչպէս յայտնի  է, այդ շրջանը Հալէպի ամենաշատ վնասուած տարածքներէն մէկն է եւ նաեւ իր հնութեան շնորհիւ զբօսարջային շրջան եղած է եւ չուզեցի այդ գեղեցիկ, հնաոճ թաղերը, որ Սուրիական մշակոյթին կարեւոր մասը կը կազմեն, ոչնչանան, այլ վերականգնուելով եւ վեարկառուցուելով գոյատեւէ:Եւ աձնական  պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ այդ թաղամասին ճամբով նաեւ կը  յիշեմ հայրս, որովհետեւ այնտեղ կը գտնուէր մեր պապենական խանութը:

Իմ պատրաստած նախագիծիս Ճըտայտէ թաղամասի եւ Սահէթ Հաթապի ընդհանուր նորոգութեան եւ նորածութեան ծրագիր էր, որուն աւելցուցի «մէմորիալ քոմփլէքս»  (յուշակոթող) մը, որպէսզի միշտ յիշուի Հալէպի աղէտը եւ յիշուին Հալէպի նահատակները: «Քոմփլէքս»ը շրջապատող ճանապարհները արաբական տուներու ձեւով ըրած եմ, նոյն նիւթերը, նոյն զարդանախշերը բոլոր ճակատներուն, նաեւ աւելցուցած եմ համալիրը շրջապատող նոր ճանապարհ, այդպիսով լուծում տալով շրջանի խճողուածութեան հարցին եւ փորձած եմ բնակելի եւ հասարակական տարածքները բաժնել իրարմէ, որ ճարտարապետական չափանիշներով աւելի ճիշդ կը դիտուի:

Թէզի պաշտպանութեան ժամանակ յանձնաժողովին համար շատ հետաքրքրական նիւթ մըն էր եւ նորութիւն մըն էր իմ ներկայացուցածս, ուզեցին աւելի մանրամասնութիւններ գիտնալ արաբական ճարտարապետութեան մասին եւ գոհացուցիչ բացատրականներ լսելով գերազանց նշանակեցին: Ինծի համար ալ մեծ հաճոյք էր, որ կրցայ մասամբ մը փոխանցել արաբական ոճը հայ ճարտարապետներուն: Աւարտելէս անմիջապէս ետք աշխատանք գտայ եւ մեծ հաճոյքով սկսայ փորձառութիւն ձեռք ձգել Հայաստանի «Հայլէնտ» ընկերութեան մէջ իբր ճարտարապետ։