image
Հրատապ լուրեր:

Տունս սուրիահայ ընտանիքի մը տրամադրեցի. Գանատահայ Նուպար Հիմիտեան

Տունս սուրիահայ ընտանիքի մը տրամադրեցի. Գանատահայ Նուպար  Հիմիտեան

Նուպար Հիմիտեանը Մոնրէալի  տարեցներու տան 90 հայ բնակիչներէն մէկն է, անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր պատճառներով ապաստանած է այնտեղ:

Հիմիտեանի հետ զրուցելու ժամանակ երբեք չես գիտնար, որ 88 տարեկան է,  աշխոյժ պապիկը կը խոստովանի, որ շատերը կը զարմանան, թէ իր նման երիտասարդն ինչու տարեցներու տան մէջկ' ապրի: «Այս եռանդն ու աշխուժութիւնը, որմով քեզի հետ կը խօսիմ, ժառանգական է, ինծի տեսնողը կ'ըսէ, որ 40-50 տարեկան անձ մըն եմ, ասիկա ժառանգական է, Աստուծմէ մեզի տրուած է»,-հպարտութեամբ կ'ըսէ ան:

Երիտասարդ չէ, բայց իրեն անօգնական զգացած է միայն այն ժամանակ, երբ տարիներու հաւատարիմ կողակիցը կորսնցուցած է:  «Շատ աշխոյժ, բարի, բարեգործականի անդամ տիկին ունէի, դժբախտաբար անբուժելի հիւանդութիւն եկաւ, զինքը առաւ տարաւ: Երբ աս եղաւ, վրաս  նեղութիւն եկաւ»,-կը պատմէ Նուպար Հիմիտեանը: Տարիներ անցած են, բայց ցաւը մնացած է:

Այն մեծ տունը, ուր հայ տարեցները կ'ապրին, ծերանոց չի համարուիր, այլ ուրախ բնակավայր, ուր տարեցներէն իւրաքանչիւրը տրամադրութիւն կը ստեղծէ: Տօնակատարություններ, տարբեր միջոցառումներ կը կազմակերպեն, չի նկատեր, թէ ժամանակն իչպէս կ'անցնի, զաւակներէն հեռու է, բայց այդ մէկը իր  համար տխրելու պատճառ չէ, յաճախ կ'այցելեն, կը զրուցեն: «Իմ երկու զաւակներս ամուսնացած են, ամէն մէկը զաւակ ունի, լաւ վիճակի մէջ են, իրենց գործերով, յաջողութիւնով, եւ ուրախ եմ, անշուշտ կ'այցելեն ինծի, կ'ուրախացնեն»,-կ'ըսէ «Արարատ»-ի բնակիչը:

Այստեղ ապրիլը անոր համար տխրելու առիթ չէ, եթէ Հայաստանի պարագային ծերանոց կը յայտնուին անզաւակ, անընտանիք ու անտուն մնացած ծերերը՝ անօգնական վիճակի մէջ, ապա այստեղ շատերը լաւ ապրելու հնարաւորւթիւն ունին, սակայն կը համարեն, որ այս մեծ ընտանիքին մէջ շատ աւելի լաւ են պայմանները: Պատահական չէ, որ Նուպար Հիմիտեանը բնակարանը, ուր ապրած է երկար տարիներ, ամբողջ գոյքով նուիրած է սուրիահայ ընտանիքին:

«Տուն մը ունէի, կ'ապրէի, սուրիահայ  ընտանիքի մը ձգեցի, սուրիացի ընտանիքներ կու գային «Հայ տուն»-ի միջոցով, եւ ես հոս եկայ, հոս հանգիստ կ'ապրիմ: Մենք` հայերս, սովորութիւն չունինք ասանկ տարեցներու տուն ապրելու,  կը կարծենք, որ ծերանոց է, շատ վատ տեղ մըն է, բայց բոլորովին հակառակն է, գանատացիները  այդպէս չեն մտածեր, կը սպասեն, որ տարիքն առնեն,այս տեսակ շէնքեր երթան, շատեր եկան, տեսան ուր կ'ապրինք, հիմա կը մտածեն այս տեսակ շէնքեր կառուցել հայ տարեցներու համար»,-կ'ըսէ լիբանանահայը:

 

Ան Լիբանանը լքած էր 1990-ին, ընտանիքը մահուան ճիրաններէն փրկելու համար: Քոյրը Մոնրէալ կ'ապրէր, որուն հրաւէրով ալ տեղափոխուած է Գանատա: Դերձակութեամբ զբաղուած է փեսային արհեստանոցին մէջ, դժգոհ չէ եղած:

Եթէ պատերազմական իրավիճակ չըլլար, չէր հեռանար Լիբանանէն, չի սիրեր յաճախակի բնակավայրը փոխել: Բայց ուրախ է, որ Գանատայի նման երկիր տեղափոխուած է, ուր պետութիւնը կը հոգայ ներգաղթեալներու կարիքները:

«Առաւելութիւն ունէր այս երկիրը, այդ առումով աշխարհի վրայ Գանատայի նման ուրիշ տեղ չկայ, երբ որ մէկը իրենց երկիր կը բերեն, անոր ուսումը, համալսարանը, ամէն բանը կը հոգան, եթէ դրախտ մը կայ, ան իսկապէս Գանատան է, անշուշտ մենք մեր հայրենիքը չմոռնալով»,-կ'ըսէ ծերունին:

Այս է պատճառը, համոզուած է ան, որ բազմաթիւ սուրիահայեր Գանատա մեկնեցան,  եւ որոնց գալը կը նպաստէ, որ Սփիւռքի այս հատուածին մէջ հայկական արժէքներու գոյութիւնը շարունակուի:

 

 

 

Հարցազրոյց ՝ Վարդուհի Արզումանեանի