image

Ֆիսք կրկին անդրադարձած է Լիբանանի անտառներու աւերածութեան

Ֆիսք կրկին անդրադարձած է Լիբանանի անտառներու աւերածութեան

Օրեր առաջ հանրաճանաչ լրագրող Ռոպերթ Ֆիսք յօդուած մը հրապարակած էր, ուր անդրադարձած էր քարահանգերու գործունէութեան հետեւանքով Լիբանանի լեռներուն սպառնացող վտանգներուն:

Բրիտանական «Independent» թերթը նոր յօդուած մը հրապարակած է, ուր Ֆիսք շեշտած է, որ Լիբանանի հողն ու հնավայրերը աւերի կ'ենթարկուին:

Յօդուածագիրը մանրամասնելով պատմած է, որ լեռներու քանդումէն առաջացած քարերն ու աւազները կ'օգտագործուին բնակարաններու եւ առանձնատուներու կառուցապատման մէջ, բան մը, որ լիբանանցիներու ագահութեան կը վերագրէ ան:

Ֆիսքի կարծիքով, լիբանանցիք ընդհանրապէս իրենց երկրի աւերածութեան պատճառը իսրայէցիներու, սուրիացիներու, ամերիկացիներու, անգամ ՄԱԿ-ին կը վերագրեն, ու թէեւ որոշ ճշմարտութիւն կայ այդ վերագրումներուն մէջ, սակայն Լիբանանի ողբերգական վիճակի առաջին ու վերջին պատասխանատուն երկրի տէրերն են:

Ֆիսք համարած է, որ Լիբանան այն միակ արաբական երկիրն է, որուն բնակչութիւնն են երկրի լեռներուն, հողին ու հնավայրերուն աւերածութեան պատճառը: