image
Հրատապ լուրեր:

«Եւրոպա մի երթաք» Գերմանական NGO-ի մը «խորհուրդ»ը սուրիացի փախստականներուն

«Եւրոպա մի երթաք» Գերմանական NGO-ի մը «խորհուրդ»ը սուրիացի փախստականներուն

«Ալ Ճազիրա» լրատուական հեռուստակայանին հաղորդմամբ, գերմանական «Alternative Help Association» ոչ   կառավարական  կազմակերպութիւնը Լիբանան ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն կոչ ուղղած է Եւրոպա չմեկնիլ:

Հեռուստակայանին փոխանցմամբ, գաղթականներ ընդունելու գաղափարին դէմ եղող ծայրայեղական կազմակերպութիւնը աջակողմեան ծայրայեղականներու թեւը կը հանդիսանայ, եւ միակն է, որ Միջին Արեւելքի մէջ փախստականներուն մարդասիրական օգնութիւններ կը տրամադրէ, անոնց Եւրոպա մեկնիլը կանխելու նպատակով:

Աղբիւրին համաձայն, «AHA!» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ,կարիքաւոր ընտանիքներուն ամիսը 50 տոլար գումար կը տրամադրուի, ինչպէս նաեւ օժանդակութեան կ'արժանանան այն ուսուցիչները, որոնք գաղթականներու զաւակները կրթելով կը զբաղին: