image

Եկեղեցւոյ հանդէպ դաւաճանական արարքներու՝ բարձրաստիճան եկեղեցականներն ընդունակ չեն. Արշակ Սրբազանի համոզմունքը

Եկեղեցւոյ հանդէպ դաւաճանական արարքներու՝ բարձրաստիճան եկեղեցականներն ընդունակ չեն. Արշակ Սրբազանի համոզմունքը

Բարձրաստիճան  եկեղեցականները    դաւաճաններ  չեն ...

 

 

Եկեղեցւոյ նկատմամբ հաւատացեալներու ներկայացուցած պահանջները բնական են ու պարտադիր, անոնք եկեղեցի-հասարակութիւն յարաբերութիւններուն մէջ առողջ դաշտ կը ստեղծեն, սակայն իրավիճակը բոլորովին այլ  կ'ըլլայ, երբ այդ հաւատացեալները կտրուկ պահանջ կը ներկայացնեն՝ Վեհափառ հայրապետի հրաժարականի  մասին,- համոզուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեանը:

Նոյնիսկ պահանջն ալ կրնար ընդունելի ըլլալ, եթէ չուղեկցուէր անընդունելի գործողութիւններով, այնինչ օրեր առաջ Սուրբ Գր. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցածը անթոյլատրելի է նոյնիսկ քաղաքացիական կառոյցներու հանդէպ, իսկ Աստուծոյ տունը պէտք է զերծ մնայ նման ոտնձգութիւններէ:

«Ի՞նչ կը նշանակէ առաջադրուած ցանկութիւները բաւարարելու միակ ճանապարհը առաջադրել Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հրաժարականը: Առաւել եւս ինչ կը նշանակէ այս ամբողջ գործընթացին ուղեկցող թշնամութեան ու ատելութեան քարոզը եւ եկեղեցւոյ մէջ պատարագը ձախողցնելու փորձը. Լարուածութիւն առաջ բերել հաւատացեալներու մօտ, փորձել տապալել ձեռնադրութեան արարողութիւնը: Ես այլ բառով, քան դատապարտութիւն, չեմ կրնար իմ վերաբերմունքն արտայայտել այդպիսի երեւոյթներու նկատմամբ»,-«Արեւելք»ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ Արշակ  եպս. Խաչատրեանը:

«Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» նախաձեռնութեան որոշ պահանջներ նոյնիսկ տրամաբանական կը համարեն, իրենք եւս արձանագրած են շարք մը խնդիրներ, բայց անոնց լուծման այլ եղանակներ պէտք է գտնել:

«Ոեւէ հաւատացեալ հնարաւորութիւն ունի, աւելի՛ն, պարտաւոր է իր պահանջներն ու առաջարկութիւնները ներկայացնել եկեղեցւոյ առաջնորդներուն: Ես ուրիշ կերպ ալ չեմ պատկերացներ, որ եկեղեցին կրնայ պայծառանալ, եթէ մեր հաւատացեալները նախանձախնդիր չըլլային իրենց առաջարկութիւնները, պատկերացումները ներկայացնելու, բայց անոնք ներկայացնելու միակ ու անփոխարինելի տարբերակը սա՞ է, ես կը կարծեմ՝ ոչ:»,-յայտնեց Արշակ Սրբազանը:

Բողոքի ցոյցերը կ'ընթանան հոգեւորականի ու հոտի անդամներու ուղեկցութեամբ, որուն ընթացքին զանազան դրսեւորումներ կը ստանան, ոչ այնպիսին, ինչպիսին եղաւ Թաւշեայ յեղափոխութեան ժամանակ: Հետեւաբար կարծիքներ կը շրջանառուին, որ անոնք ոչ թէ ինքնաբուխ են, այլ հրահրուած բարձրաստիճան եկեղեցականներու կողմէ: Աւելին,« Ժողովուրդ » օրաթերթի հրապարակման համաձայն՝ այս ամէնուն ետին կանգնած են Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդ Նաւասարդ արքեպ. Կճոյեանը եւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեանը: Արդեօ՞ք նման յայտարարութիւններու հիմքեր կը տեսնէ Արշակ Սրբազանը, կը պատասխանէ. «Ես որեւէ հիմք չեմ տեսներ այսօր նման հաստատում կատարելու, առաւել եւս երբ իրենք մասնակցած են մեր եպիսկոպոսաց ժողովներուն եւ յստակ արտայայտած են իրենց դիրքորոշումը այսպիսի ելոյթի անթոյլատրելիութեան եւ անընդունելիութեան վերաբերեալ, աւելին, Արարատեան Հայրապետական թեմն այսօր սուտ եւ յերիւրանք որակեց այդ հրապարակումը, ինչը վկայութիւն է իմ ըսածին»:

Համոզուած է, որ բարձրաստիճան եկեղեցականներու շարքերուն մէջ չկան նման արարքներու ընդունակ անձինք, սակայն սա դեռ չի նշանակեր, որ շարքային եկեղեցականները հեռու են նման քայլերէն:

«Ես չեմ կրնար ըսել՝ ինքնաբուխ է, թէ կազմակերպուած է: Եթէ բարձրաստիճան եկեղեցականներ չկան մէջը, այդ ենթադրել չի տար, որ ինքնաբուխ է, ես բոլոր հիմքերն ունիմ ենթադրելու, որ այդ ոչ թէ ինքնաբուխ է, այլ որոշ մարդոց կողմէ կազմակերպուած, առաւել եւս եթէ այնտեղ եկեղեցական կայ»,-կ'ըսէ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետը:

Նման եկեղեցականներու վերադարձը եկեղեցի ու միասնաբար հարցերու քննարկումը լաւագոյն լուծում կրնայ ըլլալ, համոզուած է Արշակ Սրբազանը, հետեւաբար կը յորդորէ առողջ պայմաններու մէջ քննարկումները շարունակել, միեւնոյն է, հիմնական պահանջը՝ Վեհափառի հրաժարականը տեղի պիտի չունենայ: