image

«Սպիտակ սաղաւարտակիրներ». Որո՞նք են այդ մարմնի իսկական հովանաւորները

«Սպիտակ սաղաւարտակիրներ». Որո՞նք են այդ մարմնի իսկական հովանաւորները

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Mail on Sunday» թերթին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ ԱՄՆ նոյն քաղաքականութիւնը կը վարեն, սակայն, ինչպէս պարզ է, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա քաղաքականապէս ենթակայ են ԱՄՆ-ին:

Ասատ միաժամանակ յայտնած է, որ Բրիտանիա «Քաիտէ»ի եւ «Նուսրա»ի թեւերէն համարուող եւ Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ գորողութիւններ իրականացնող «Սպիտակ սաղաւարտակիրներ» կազմակերպութեան ակնյայտ օժանդակութիւն ցուցաբերած է, եւ ըստ սուրիացիներու համոզման, վերջիններս Բրիտանիոյ գործիքն են, զոր կ'օգտագործէ իր ընդհանուր յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ, հետեւաբար, Ասատի կարծիքով, նշուած երեք երկիրները, Բրիտանիոյ գլխաւորութեամբ, կեղծեցին Տումայի յարձակումը: