image

Յարութ Սասունեանը՝ «Աւրորա» -ի ծախսերու մասին. Արդարացուա՞ծ են քննադատութիւնները

Յարութ Սասունեանը՝ «Աւրորա» -ի ծախսերու մասին. Արդարացուա՞ծ են քննադատութիւնները

Երէկ տեղի ունեցաւ «Աւրորա» 2018-ի մրցանակաբաշխութիւնը, երրորդ դափնեկիր ճանաչցուեցաւ իրաւաբան եւ աքթիւիսթ Չո Լա Աունը՝ այն նուիրումի համար, որով ան պայքարած է Մինմարի ռոհինճա ժողովուրդի հաւասարութեան, կրթութեան եւ մարդու իրաւունքներու համար:

 

Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու անունով՝ ի երախտագիտութիւն այն մարդոց, որոնք բացառիկ դեր ունեցած են մարդկային ճակատագրեր փրկելու գործին մէջ, ամէն տարի կը շնորհուի «Աւրորա» մրցանակ: Նախաձեռնութիւն, որ սկիզբ առաւ 2015-ին աշխարհահռչակ երեք հայերու՝ Վարդան Գրեգորեանի, Նուպար Աֆեեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի ջանքերով:

 

«Աւրորա»-ի դափնեկիրները՝ որպէս կանոն, կը ստանան 100 հազար տոլարի պարգեւ, եւս 1 միլիոն տոլար կը յատկացուի՝ թոյլ տալով շարունակել նուիրատուութեան շղթան: Արդեօ՞ք Հայաստանը չափազանց թանկ չի վճարեր մարդասիրական նման ձեռնարկի համար, որ, անկախ ծաւալներէն,   նոյնկերպ  չընդունուիր հասարակութեան որոշ խաւերու կողմէ:

 

Ամերիկահայ հասարակական գործիչ, գրող, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» (The California Courier) թերթի գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեանը կը կարծէ, որ ոչ: «Արեւելք»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ան դէմ արտայայտուեցաւ այն քննադատութիւններուն, որոնք կը հնչեն «Աւրորա»-ի ֆինանսական ծախսերու շուրջ:

 

«Սա կը նմանի այն խօսակցութեան, երբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարը կը կառուցուէր, կարծեմ 15 միլիոն տոլար յատկացուեցաւ, մարդիկ կ'ըսէին, որ աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար այդ գումարը յատկացնել մարդասիրական ծրագիրներու, քան թէ եկեղեցւոյ: Բայց այդ մարդիկ, որ փողը տուին, իրենք նաեւ փող կու տային մարդասիրական շատ մը այլ ծրագիրներու, եւ սա միակը չէր»,-ըսաւ Սասունեան:

 

Նախաձեռնութիւնը ֆինանսաւորող անձինք արդէն  բազմաթիւ այլ ծրագիրներ կ'իրականացնեն Հայաստանի համար, հետեւաբար այս միջոցներու նման ծախսն ալ արդարացուած է, համոզուած է մեր զրուցակիցը: Բացի անկէ, գումարն իրենց անձնական վաստակն է, հետեւաբար «Ամէն մարդ ինքը պէտք է որոշէ, թէ ինչպէս կրնայ ծախսել այդ փողը: Մարդիկ կրնան կարծիք յայտնել, բայց երկրորդական է, իրենք կ'որոշեն՝ ինչպէս ծախսեն իրենց փողը»,-կըսէ «Քալիֆորնիա քուրիըր»թերթի խմբագիրը:

 

Նախաձեռնութեան գաղափարն ու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի շուրջ նման մակարդակի բարձրաձայնումն, ըստ անոր,  կ'արդարացնեն ծախսերը: Նախաձեռնութիւնը դրական տպաւորութիւն կը թողու, գաղափարը կը կարեւորէ Սասունեանը՝ ըսելով. «Մրցանակի նախաձեռնողները կ'ըսեն, որ քանի որ Ցեղասպանութեան ընթացքին շատերը մեզ օգնած են, մենք ալ հիմա այդ օգնութիւնը կը վերադարձնենք ուրիշներուն օգնելով»:

 

Վստահ է, որ սա Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի աւելի մեծ մաշտապով արծարծման կը նպաստէ, իսկ միջոցառումը, որ կ'իրականացուի Հայաստանի մէջ, այլ օգուտներ եւս կը բերէ: Կը մանրամասնէ. «Բաւական աշխատանք տարած են կազմակերպիչները, որպէսզի այս նախաձեռնութեան մասին միջազգային մամուլի մէջ տարածուի, մարդիկ լսեն: Տարբեր երկիրներէ մարդիկ  Հայաստան կու գան, կ'այցելեն Ցեղասպանութեան յուշարձան-թանգարան, յիշարժան վայրեր, կը տեղեկանան Հայաստանի մասին, եւ երբ կը վերադառնան իրենց երկիր, կը խօսին Հայաստանի մասին, կը գրուի, որ իրենք Հայաստան գացին, մրցանակ շահեցան»:

 

 

«Մանաւանդ որ այս ծրագրի ժիւրիի անդամները, ղեկավարութիւնը աշխարհահռչակ մարդիկ են, զանազան երկիրներէ դատաւորներ, նախագահներ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, եւ այդ մարդիկ նաեւ կը զբաղուին այս ծրագիրով, որոշումներ կ'առնեն, Հայաստան կու գան, ելոյթներ կ'ունենան, այդ մարդոց գործունէութիւնը եւ յայտարարութիւնները աշխարհով մէկ կը տարածուին միջազգային մամուլով, սա շատ դրական է ոչ հայկական շրջանակներու համար»,-կ'ըսէ ամերիկահայ գործիչը: