image

«Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր ճանչցուած է ռոհինճա ժողովուրդի առաջնորդ եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Չօ Լա Աուն

«Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր ճանչցուած է ռոհինճա ժողովուրդի առաջնորդ եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Չօ Լա Աուն

«Աւրորա» մարդասիրական մրցանակի երրորդ դափնեկիրը Միանմարի մէջ ռոհինճա ժողովուրդի իրաւունքներուն համար պայքարող իրաւաբան Չօ Լա Աունն է: Դափնեկիրին անունը յայտարարուեցաւ 10 յունիսի  լուսաբացին` Խոր Վիրապի վանքին յարակից տարածքին մէջ` Արարատի ստուերին ներքեւ, իբրեւ արշալոյսի` նոր լուսաւոր սկիզբի խորհրդանիշ:

115 երկիրներէ առաջադրուած 750 թեկնածուներէն այս տարուան  «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր ընտրուած Չօ Լա Աունը տասնամեակներ շարունակ իրաւապաշտպան գործունէութիւն կը ծաւալէ  քաղաքացիութենէ զրկուած իր ռոհինջա ժողովուրդի իրաւունքներուն  համար:

 

Ամբողջական նիւթը՝ արեւելահայերէնով