«Աւրորա» մարդասիրական մրցանակի երրորդ դափնեկիրը Միանմարի մէջ ռոհինճա ժողովուրդի իրաւունքներուն համար պայքարող իրաւաբան Չօ Լա Աունն է: Դափնեկիրին անունը յայտարարուեցաւ 10 յունիսի լուսաբացին` Խոր Վիրապի վանքին յարակից տարածքին մէջ` Արարատի ստուերին ներքեւ, իբրեւ արշալոյսի` նոր լուսաւոր սկիզբի խորհրդանիշ:
115 երկիրներէ առաջադրուած 750 թեկնածուներէն այս տարուան «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր ընտրուած Չօ Լա Աունը տասնամեակներ շարունակ իրաւապաշտպան գործունէութիւն կը ծաւալէ քաղաքացիութենէ զրկուած իր ռոհինջա ժողովուրդի իրաւունքներուն համար:
Ամբողջական նիւթը՝ արեւելահայերէնով