image

Սուրիոյ ճգնաժամ. Նոր զարգացումներ կը սպասուին

Սուրիոյ ճգնաժամ. Նոր զարգացումներ կը սպասուին

Ամերիկեան «Business Insider» կարծիք յայտնած է, թէ երբ Ռուսիոյ նախագահ Փութին օտարերկրեայ ուժերէն պահանջեց հեռանալ սուրիական հողերէն, անուղղակիօրէն օգնութեան ձեռք մեկնեց իր ամերիկացի գործընկեր Թրամբին, որ Սուրիոյ մէջ ոչ ցանկալի վիճակի մատնուած է:

Թերթին կարծիքով, Թրամբ մինչեւ օրս կը խուսափէր իր ուժերը դուրս բերել Սուրիայէն, այն մտավախութեամբ, որ կրնայ այդ հողերը զիջիլ իրանեան ուժերուն, սակայն Փութինի պահանջը յոյս ներշնչեց անոր:

Թերթը դիտել տուած է նաեւ, որ Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահու Փութինէն կանաչ լոյս ստանալով է, որ իրականացուցած է իրանեան ուժերուն դէմ իր հարուածները:

Միւս կողմէ, Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Պահրամ Քասիմի շեշտած է, որ ոչ ոք կրնայ ստիպել Իրանին որեւէ բան կատարելու: