image

Սփիւռքի նախարարութեան կայքը պիտի փակուի, նախկին ոճով համաժողովներ պիտի չըլլան. Նախարար

Սփիւռքի նախարարութեան կայքը պիտի փակուի, նախկին ոճով համաժողովներ պիտի չըլլան. Նախարար

ԼՕՖԹ ինքնազարգացման կեդրոնի մէջ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, պատասխանելով կեդրոնի մէջ ներկայ գտնուողներու հարցերուն, ըսած է, որ 2018 թուականին նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրը պիտի չկասեցուի, սակայն միւս տարիներու համար այն պիտի վերանայուի:  Զրոյց-հանդիպման նախարարը պատասխանած է տասնեակ հարցերու, մէկուկէս ժամ նախատեսուած հանդիպումը տեւած է երեք ժամ: 

Մխիթար Հայրապետեանը նաեւ յայտնած է, որ սփիւռքի նախարարութեան կայքը իրենց շատ հնաոճ է, այն շուտով պիտի փակուի եւ փոխարէնը արդիական կայք պիտի բացուի: Ներկաներու հանդիպման ի պատասխան Մխիթար Հայրապետեանը նաեւ յայտնած է, որ «Հայերն այսօր» պարբերականը մինչեւ այս տարուան վերջ լոյս պիտի տեսնէ, իսկ անկէ ետք կրկին պիտի վերանայուի անոր թողարկման անհրաժեշտութիւնը: 

Սփիւռքի նախարարը նաեւ տեղեկացուցած է, որ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ հին ոճով իրականացուող համաժողովներ այլեւս պիտի չըլան, եւ ինքը հակուած է աւելի արագ իրականացուող, թիրախային հաւաքներ կազմակերպել, որոնք պիտի ծառայեն յստակ նպատակներու: