image

Վստահ եմ, որ Սփիւռքի հայութիւնը մեծ խանդավառութեամբ կը սպասէ Վարչապետ Փաշինեանին.Բժիշկ Ռաֆֆի Ճանեցեան

Վստահ եմ, որ Սփիւռքի  հայութիւնը   մեծ խանդավառութեամբ  կը սպասէ Վարչապետ Փաշինեանին.Բժիշկ   Ռաֆֆի Ճանեցեան

«Արեւելք»ի  հարցումներուն կը պատասխանէ    հալէպահայ   եւ երկար  ժամանակէ  ի վեր Հայաստան հաստատուած    բժիշկ  Ռաֆֆի  Ճանէցեանը:

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Փաշինեանի կազմած նոր կառավարութիւնը, տրուած ըլլալով որ դահլիճի մեծ մասը երիտասարդ գործիչներ են:

-Կը կարծեմ որ իշխանափոխութիւնը մի քանի պատճառներէ ելլելով՝ պարտադիր էր եւ ժամանակին կատարուեցաւ, այդ պատճառներէն առաջինը եւ հիմնականը՝ նախորդ իշխանութեան անարդարութիւնն էր, երկրորդը՝ կաշառակերութիւնը, իսկ երրորդը՝ արտագաղթը: Ասոնք մեր հասարակութեան ունեցած ամենամեծ խնդիրներն են, հետեւաբար իսկապէս ժողովրդական շարժումը՝ որ անպայման պէտք է ծնէր, ծնաւ եւ բերաւ իշխանափոխութեան:

Իսկ ինչ կը վերաբերի նոր կառավարութեան եւ անոր կազմին, իրականութեան մէջ կարծրատիպը պէտք է կոտրել, այսինքն այն որ միայն փորձառու, միայն տարեց կամ միջին  տարիքի մարդիկ կրնան կառավարել երկիրը արդէն      անցեալին պատկանող մօտեցում է:  Ամենակարեւորը քաղաքական ուղղուածութիւնն է եւ քաղաքական կամքն ու օրակարգը, որ որոշուած կ'ըլլայ վարչապետի եւ իր քաղաքական թիմի կողմէ եւ կը թելադրէ բոլոր նախարարներուն իրենց   աշխատելաոճը: Աշխարհի մէջ այժմ կան շատ երիտասարդ ղեկավարներ, վարչապետներ, նախարարներ, նոյնիսկ նախագահներ, Մաքրոնը անոնցմէ մէկն է, ինչպէս նաեւ մեր հարեւան Վրաստանի նախկին նախագահ Սահակաշվիլին, իր նախարարական կազմը եւայլն, հետեւաբար այս քննադատութիւնները ես տեղին չեմ համարեր:

-Օրերս ունեցանք նաեւ սփիւռքի նոր նախարար եւ բաւական երիտասարդ նախարար մը, ի՞նչ ակնկալիքներ ունիս այդ նախարարութենէն առհասարակ եւ նոր նախարարին ի՞նչ խօսք ունիս ըսելիք:

Ինչպէս վերը նշեցի, տարիքը էական խնդիր չէ, եթէ սփիւռքի նախարարը 28 տարեկան է, չի նշանակեր, որ ինքը հնարաւրութիւն չունի աշխատելու, ասի  խմբային աշխատանք  եւ քաղաքական որոշում է:

Ինչ կը վերաբերի Սփիւռքի նախարարութեան նոր շրջանի աշխատանքին, ի հարկէ ես դէմ եմ հապճեպ, արագ որոշումներուն, օրինակի համար շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ երկպալատանի խորհրդարան ստեղծելու հարցը՝ սփիւռքահայ    կազմով նաեւ, ես կը կարծեմ այսպիսի հարցեր շատ արագ չպէտք է որոշել, պէտք է քննարկումներ ընել, որովհետեւ մտավախութիւն կայ, որ սփիւռքահայերու   մասանակցութեան   հետեւանքով որոշ խնդիրներ կամ աւելի ճիշդը՝ հակասութիւններ առաջանալ: Կը կարծեմ այս բոլորը ժամանակի խնդիր է: Ամենակարեւորը որ պէտք է վերականգնել՝ սփիւռքի վստահութիւնն է՝ Հայաստանի եւ Հայաստանի իշխանաւորներու նկատմամբ, քանի որ նախկին իշխանաւորները Սփիւռքը օգտագործած էին միայն որպէս «կթան կով», որ իմ կարծիքով սխալ է: Սփիւռքին պէտք է քաջալերել որպէսզի ներդրումներ ընէ, ապահովագրուին այդ ներդրումները, նաեւ առիթ տալ որ մասնակցի, ինչու չէ, որոշ շրջանակներու կառավարման:

-Երէկ հանդիպման մը ընթացքին սփիւռքի նախարարը յայտնեց որ իր խորհրդականներէն առնուազն երկուքը սփիւռքահայ պէտք է ըլլան: Ի՞նչ է կարծիքդ այս մօտեցումին:

Ինչպէս վերը նշեցի Սփիւռքը պէտք է մասնակցութիւն ունենայ որոշ շրջանակներու կառավարման մէջ, հետեւաբար սփիւռքի նոր նախարարի սփիւռքահայ խորհրդականներ ունենալու մօտեցումը շատ քաջալերելի է:

Ամենակարեւորը որ մենք այս նոր Հայաստանի եւ նոր իշխանութեան պայմաններուն մէջ վերելք պիտի ունենանք նաեւ սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ եւ ատոր վառ վկայութիւնը այն է, որ երբեւիցէ Հայաստանի իշխանաւորին, նախարարին կամ վարչապետին այսպիսի խանդավառութեամբ  չեն դիմաւորած, ինչպէս վերջերս Նիկոլ Փաշինեանին՝ Սոչի կատարած այցի ժամանակ: Ես վստահ եմ, որ նոյնպիսի խանդավառութեամբ մեր վարչապետին պիտի դիմաւորեն սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ եղած խանդավառութիւնը, ժողովուրդի ոգեւորութիւնը նոյնութեամբ Սփիւռքի մէջ ալ  կայ:

Այսօրուայ կառավարութիւնը,  Պրն. վարչապետի անունով յայտարարեց, որ զարկ պիտի տայ հայրենադարձութեան, ես կը կարծեմ իսկապէս մեծ եւ կարեւոր լուծուելիք խնդիր է հայրենադարձութեան հարցը, միաժամանակ կարեւոր է նաեւ մենաշնորհներու վերացումը եւ ազատ մրցակցութեան եւ արդարութեան վերականգնումը, այս պայմաններուն մէջ է, որ Սփիւռքէն բաւականին մեծ ներդրումային ծրագիրներ կրնան իրականացուիլ Հայաստանի մէջ եւ այդ միջոցաւ սփիւռքի հայերը աւելի կը քաջալերուին Հայաստան հաստատուելու, եւ Հայաստանը կը դիտարկեն արդէն ոչ միայն որպէս հայրենիք, այլ նաեւ որպէս վայր, ուր կրնան ապրիլ, իրենց ապրուստը վաստակիլ եւ արժանապատիւ կեանք ունենալ: